ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յուլիս 27ին Պաքու այցելած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած է, թէ Ռուսիա կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու իւրաքանչիւր հանդիպում, որ ուղղուած է Արցախի հակամարտութեան հարցով յառաջխաղացք ապահովելու ջանքերուն։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումները կ՛իրականացուին տարբեր մակարդակներով: Մենք կ՛ողջունենք իւրաքանչիւր հանդիպում, որուն շուրջ կը համաձայնին Ատրպէյճանն ու Հայաստանը: Ամենակարեւորը՝ մենք կ՛ողջունենք ձեռք բերուած որեւէ՛ դրական արդիւնք», նշած է Զախարովա:
Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան, իբրեւ միջնորդ երկիր Արցախի հակամարտութեան հարցով, հանդէս եկած է արդիւնաւէտ եւ կառուցողական քայլերով ու շատ լաւ կը հասկնայ այդ տագնապը:
Զախարովա Պաքուի մէջ կը մասնակցի արտաքին քաղաքականութեան տեղեկատուական հարցերու նուիրուած ատրպէյճանառուսական խորհրդակցութիւններուն: