ԵՐԵՒԱՆ.- Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ նախարարութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեանց միջանկեալ արդիւնքներուն համաձայն, 2016-2018 տարիներուն, պետական պատուէրով բնակչութեան մատուցուած բժշկական օգնութեան մասով պետական պիւտճէին հասցուած ընդհանուր վնասը գնահատուած է շուրջ 545 միլիոն դրամ:
Ուսումնասիրութեան արդիւնքները ուղարկուած են դատախազութիւն՝ անոնց իրաւական գնահատական տալու եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ քրէական գործ յարուցելու համար:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցի տնօրէնն է նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամին՝ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հայրը՝ Արա Մինասեան:
Ուրբաթ, 27 Յուլիսին, առողջապահութեան նախարարին հրամանով՝ Արա Մինասեանը հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն:
Մինասեանի հեռացումը, սակայն, պատճառ դարձաւ հիւանդանոցի անձնակազմի բողոքին: Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին՝ ապօրինի որակելով տնօրէն Արա Մինասեանը աշխատանքէ հեռացնելու մասին նախարար Արսէն Թորոսեանի որոշումը: