ԵՐԵՒԱՆ.- «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, Հայաստանի փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Վարագ Սիսեռեան գրած է, որ ««Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան գործող օրէնքին համաձայն՝ Հայաստանի փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավարին համար գոյքի, եկամուտներու եւ շահերու յայտարարագիր ներկայացնելու պահանջ սահմանող դրոյթը ուժի մէջ կը մտնէ 1 Յունուար 2019ին եւ պարտաւորութիւն կը սահմանէ մինչեւ 31 Մարտի 2019 յայտարարագիր ներկայացնել կաշառակերութեան կանխարգիլման յանձնաժողովին»:
«Հաշուի առնելով, որ քանի դեռ օրէնքի այս դրոյթը ուժի մէջ չի մտել, չեմ կարող օրէնքով սահմանուած կարգով յայտարարագիր ներկայացնել, միաժամանակ հաւատարիմ մնալով հաշուետու եւ թափանցիկ կառավարման որդեգրուած քաղաքականութեանը, բացառելով յետագայում հնարաւոր շահարկումները՝ ստորեւ ներկայացնում եմ պաշտօնը ստանձնելու պահին գոյքիս եւ եկամուտներիս կազմը», գրած է Սիսեռեան: