ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ «պատմագիտական» ընկերակցութիւնը ապաքարոզչական նոր շարժանկար (animation) մը պատրաստած է Հայկական Հարցին մասին, շարունակելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւը՝ զայն նաեւ հասցնելով երեխաներուն։
«Հայերու Ապստամբութիւնը, Ահաբեկչութիւնը Եւ Քարոզչութիւնը՝ Օսմանեան Պետութեան Դէմ» խորագրուած սոյն ֆիլմին մասին ընկերակցութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղ գտած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ ֆիլմը բաղկացած է եօթը մասէ եւ ունի թրքերէն, անգլերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն տարբերակներ:
Անոր մէջ Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ «տեղափոխութիւն եւ վերաբնակեցում», որ հետեւանք էր «1915ի ահաբեկչութեան եւ ապստամբութեան»։ Հոն ակնարկութիւն կայ նաեւ Սփիւռքին, ինչպէս նաեւ թուրք դիւանագէտներու դէմ ահաբեկչական գործողութեանց եւ «հայերու կողմէ մղուող ու պատմական հիմքերու վրայ չհաստատուած դիւանագիտութեան» մասին։