Կիպրոս կատարած պաշտօնական իր այցին ընթացքին, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Նիկոսիոյ մէջ հանդիպեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստիատասիադիսի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Կիպրոսի նախագահի Արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուն, Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Տերենս-Նիկոլաոս Քուիք, Եգիպտոսի ներգաղթի նախարար Նապիլա Մաքրամ: Նախարարը Կիպրոսէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Միացեալ Նահանգներ: