ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին դասական համամասնական ընտրակարգով: Այս մասին 20 Յուլիսին Ազգային ժողովի ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներուն նպատակով աշխատանքային խումբի հերթական նիստին յայտարարեց «Ելք» դաշինքի ներկայացուցիչ Էդմոն Մարուքեան՝ ըստ որուն, այդ ընտրակարգը կը դիւրացնէ ընտրութիւններու կազմակերպումն ու իրականացումը:
ՀՀԿն կողմ չէ այն մտքին, թէ փակ համամասնական ընտրակարգէն բացի այլ տարբերակ կրնայ խանգարել ընտրութիւններու արագ իրականացումը: Ըստ ՀՀԿի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեանի՝ եթէ իրենց առաջարկը չընդունուի, իրենք կը պաշտպանեն ՀՅԴի ծրագիրը:
«Դաշնակցութեան մոդելն ունի մէկ թերութիւն. նրանց առաջարկով չի երաշխաւորուի տարածքային թեկնածուների պարտադիր ներկայացուածութիւնը Ազգային ժողովում: Քանի որ որեւէ մէկը չպաշտպանեց այն տարբերակը, որը մենք ենք առաջարկել, այս պարագայում նախընտրում ենք դաշնակցութեան առաջարկը, որովհետեւ այն աւելի ժողովրդավարական է: Այս մոդելը հնարաւորութիւն է տալիս ուժեղացնել ներկուսակցական ժողովրդավարութիւնը», ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան:
«Ծառուկեան» դաշինքը կ՛առաջարկէ ընտրացուցակները հաշուելու գործընթացին մէջ վերցնել կամ կարելի եղածին չափ նուազեցնել մարդկային գործօնը:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նոյնպէս հակուած է մարդկային գործօնը վերցնելուն, եւ այս հարցի պարագային՝ նիւթին նկատմամբ վստահութեան պակասի հարց կը նկատէ:
«Եթէ իրարից ձայն խլելու ռիսկ կայ, նշանակում է, որ թիմում ու տեղամասում վստահութեան մթնոլորտ չկայ: Սա ընտրական գործընթացի կարեւորագոյն հիմնաքարերից մէկն է, այսինքն՝ մենք չենք կարողանում ընտրութիւնները վերահսկել: Կողմ եմ տեխնիկական լուծումներին, որ մարդկային գործօնը վերանայ, դրա համար կարելի է նաեւ մեծ գումարներ ներդնել», նշեց Արմէն Ռուստամեան:
Քննարկուեցաւ նաեւ թեկնածուներու անհատական քարոզարշաւ իրականացնելու հարցը: Այս հարցին շուրջ կուսակցութիւնները ունին միասնական դիրքորոշում՝ պետութիւնը անհատին առանձին քարոզարշաւ իրականացնելու հնարաւորութիւն պէտք չէ տայ:
«Ծառուկեան» դաշինքը յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են համախոհութեան հասնելու ու քննարկելու բոլոր տարբերակները:
Քաղաքական ուժերը յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկեն ներկայացուած բոլոր առաջարկները, եւ անոնցմէ պիտի առանձնացուին անոնք, որոնք պէտք է ընդգրկուին բարեփոխումներու նախագիծին մէջ: