ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ամերիկայի Ձայն»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբերին պիտի այցելէ Նիւ Եորք, ուր կը նախատեսուի իր ելոյթը ՄԱԿի գլխաւոր համաժողովին: Ան նաեւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի գործընկերներու հետ։
Անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան՝ Միրզոյեան յայտնեց, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իշխանափոխութենէն ետք զգալի փոփոխութիւններ չեն ակնկալուիր:
«Ակնկալւում են որոշակի սրբագրումներ Արեւմուտքի, ԱՄՆի, Եւրոպայի եւ բազմաթիւ այլ գործընկերների հետ: Մենք պատրաստւում ենք խորացնել մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ կարծում ենք՝ կայ հսկայական պոտենցիալ (կարողականութիւն-Խմբ.), որը, ցաւօք սրտի, իրացուած չէ, եւ ժամանակը նոր պահանջներ է դնում, մասնաւորապէս Սիլիկոն հովտի հետ կապուած, եւ այս ամէնը ոչ մի կերպ պէտք չէ դիտարկել որպէս Հայաստանի այլ գործընկերների եւ դաշնակիցների հետ ունեցած յարաբերութիւնների հաշուին արուող խորացում», ընդգծեց առաջին փոխվարչապետը: