ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ֆրանսա այցելող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 20 Յուլիսին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշենի հետ, որ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Փարիզ պատրաստ է շարունակելու իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար՝ աւելցնելով, որ հանդիպման ընթացքին քննուեցան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքը:
Իր կարգին, Ալիեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան «իր մերձաւոր գործընկերը» կը համարէ Ֆրանսան եւ շահագրգռուած է երկկողմանի համագործակցութեան ընդարձակումով:
Ատրպէյճանի նախագահի համացանցային կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Ալիեւ աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, նախագահական պալատին մէջ: Այս հանդիպումին ընթացքին եւս քննուած է Արցախի հակամարտութիւնը Եւ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Փարիզ կը շարունակէ գործօն մասնակցութիւն բերել տագնապի լուծման ջանքերուն։
Ալիեւ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահին եւ շարք մը ընկերութեանց տնօրէններու հետ։
Արդարեւ, «Ռազմ.ինֆօ» կայքը կը հաղորդէ, որ ռազմարադիւնաբերական «Նաւալ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հերվէ Կիուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Ֆրանսական այս ընկերութիւնը կը զբաղի ռազմածովային արտադրութիւններով:
Յիշեցնենք, որ 10 Յուլիսին, ատրպէյճանական լրատուամիջներ հաղորդած էին, թէ Ֆրանսա վերցուցած է Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու սահմանափակումները, սակայն աւելի ուշ, Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը, Փարիզի հետ ստուգելէ ետք՝ յայտարարեց, որ այս տեղեկութիւնները կեղծ են, եւ Ֆրանսա պիտի չմատակարարէ այնպիսի զէնքեր, որոնք կրնան օգտագործուիլ Արցախի դէմ: