ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- 1էն 15 Օգոստոս, Վրաստանի մէջ պիտի ընթանան «Ազնիւ գործընկեր 2018» (Noble Partner-2018) բազմազգ զօրավարժութիւնները, որոնց պիտի մասնակցին ՆԱԹՕի անդամ շարք մը երկիրներ: Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստան: Մասնակիցներու շարքին է նաեւ Ատրպէյճանը: