ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մայատին».- Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդը յայտարարեց, թէ կը սերտէ հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններու բնակչութիւնը ներկայացնող հարթակի մը ստեղծման հարցը, առ ի պատրաստութիւն Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութեան:
Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Թապքա քաղաքին մէջ նոյն խորհուրդի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Խորհուրդի նախագահական մարմինի անդամ Հիքմեթ Հապիպ յայտնեց, որ նշեալ հարթակը պիտի ներկայացնէ «ինքնակառավարման բոլոր շրջանները եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները, ինչպէս նաեւ պիտի ներառէ Ռաքքան, Տէր Զօրն ու Մընպեճը»:
Վերջերս բազմացած են Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու կոչ ընող՝ քրտական կուսակցութիւններուն եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ հնչած յայտարարութիւնները: Այլ աղբիւրներ Մայիս 17ին յայտնած էին, թէ Սպիտակ տան մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդին, ինքնակառավարման մարմինին եւ ամերիկեան վարչակազմէն բարձ-րաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որ կեդրոնացած էր դաշնակցային դրութեան յստակացման եւ զայն իբրեւ Սուրիոյ տագնապի լուծման ծրագիր ներկայացնելուն վրայ: