ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ. Փի.».- Ինչպէս հաղորդած էինք, թրքական ատեան մը Յուլիս 18ին անգամ մը եւս մերժած էր ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը ազատ արձակելու դիմումը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Միացեալ Նահանգներէն նոր քննադատութիւններ հնչեցին Թուրքիոյ հասցէին։
Արդարեւ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ քանի մը առիթով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած էր ազատ արձակելու Պրանսընը, այս նոր զարգացումէն ետք «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրեց, թէ Պրանսընի դատավարութիւնը ամօթալի՛ էջ մըն է Թուրքիոյ համար՝ աւելցնելով, որ նախագահ Էրտողան «բան մը պէտք է ընէ», որպէսզի այս աշխատասէր ու մարդասէր հոգեւորականը անյապաղ ազատ արձակուի ու վերամիանայ իր ընտանիքին։
Իր կարգին, Քոնկրեսի Հելսինքիի յանձնաժողովը քննադատեց Թուրք-իոյ դատաիրաւական համակարգը։ Յանձնաժողովի նախագահ, հանրապետական ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր թրքական ատեանին որոշումը որակեց «դաժանութիւն»՝ դարձեա՛լ Թուրք-իոյ կոչ ընելով, որ անյապաղ ազատ արձակէ ամերիկացի հոգեւորականը:
Յանձնաժողովի համանախագահ Քրիս Սմիթ աւեցուց. «Վերջին 18 ամիսներուն Էրտողան կարելիութիւնը ունէր վերջ դնելու այս անարդարութեան, սակայն ան մերժե՛ց: Պրանսընը պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի»:
Քոնկրեսականներ Սպիտակ տունէն կը պահանջեն, որ պատժամիջոցներ սահմանուին Անգարայի դէմ, անհիմն պատճառներով Պրանսընը բանտարկուած պահելու որոշումին համար։ Ենթական 23 տարիներ առաջ Թուրքիա հաստատուած է եւ Իզմիրի մէկ եկեղեցւոյ պատուելին է։ Ան Թուրքիոյ կողմէ կ՛ամբաստանուի «ահաբեկչական» համարուող կիւլենական շարժումին, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համար լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով։ 2016ի Դեկտեմբերին ձերբակալուած Պրանսըն կրնայ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։