ՓՐԱԿ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ հանդիպումէն մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յուլիս 20ին կը մեկնի Փարիզ:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն՝ Ալիեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ այդ երկրի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, գլխաւորութեամբ՝ նախագահ Մաքրոնի։ Հանդիպումը պիտի ըլլայ երկու նախագահներուն առաջինը:
«Այս հանդիպումը առիթ է ցուցադրելու մեր յարաբերութիւններուն կատարելութիւնը, երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններուն ամրութիւնը եւ մասնաւորապէս հաստատելու Ֆրանսայի աշխոյժ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ Մինսկի խմբակին մէջ», ըսած է Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։
Ցարդ յայտնի չէ հանդիպման օրակարգը, սակայն հաւանական է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն կողքին քննուի նաեւ Արցախի հարցը:
Այցի նախօրէին, Մաքրոնին կոչեր կը կատարուին՝ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադառնալու Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներուն: Արդարեւ, խումբ մը ատրպէյճանցի յայտնի իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ նամակով մը դիմած են Մաքրոնին՝ մտահոգութիւն յայտնելով շուրջ հարիւր լրագրողներու, ընդդիմադիրներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բանտարկութեան կապակցութեամբ:
Ֆրանսական մամուլը արձագանգած է այս կոչին, եւ երկրի ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկը համարուող «Լիպերասիոն»ը Ալիեւի այցելութեան նախօրեակին հրապարակած իր ծաւալուն յօդուածին մէջ անդրադարձած է անոր վարչակազմին՝ շեշտելով, որ «Եւրոմիութիւնը Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առեւտրական շահերը վեր կը դասէ մարդու իրաւունքներէն»: Թերթը աւելցուցած է, թէ «Պրիւքսէլ արդէն իսկ վարժուած է աչք փակելու Ալիեւի վարչակարգին յանցագործութիւններուն առջեւ»: