«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստանի կառավարութեան մէջ յատկապէս բարձր պաշտօններ գրաւողները պարտաւոր են զգուշաւոր ըլլալ իրենց արտայայտութեանց մէջ, մասնաւորաբար պէտք է խուսափին մեր ժողովուրդին կողմէ սրբազան նկատուած արժէքներ նսեմացնելու, վիրաւորելու վարքագիծէն: Ժողովրդային շարժման ալիքով իշխանութեան հասած խումբին հետ պաշտօնի տիրացածները առաւել եւս պարտաւոր են շրջահայեաց ըլլալ եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար չարտասանել խօսքեր, որոնք կրնան ընդվզեցնել հայ մարդը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Սփիւռքի տարածքին:
Մեզի համար, օրինակ, անընդունելի է եւ դատապարտելի փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի մամլոյ խօսնակ Կարպիս Փաշոյեանի «Սիվիլնեթ»ի եթերէն ունեցած արտայայտութիւնը, թէ «Շատ են շահարկում «Ապրիլեան պատերազմի ատեն (զոհուած-Խմբ.) տղաների անունները, թողնենք նրանց մի փոքր հանգիստ: Ռոբերտ Աբաջեանը՝ մանկահասակ դէմքով տղան, երեւի այդ պահին չի էլ հասկացել՝ ինչ է կատարւում: Թողնենք մի փոքր հանգիստ: Ընդամէնը 18 տարեկան տղայ …: Ինձ թւում է չարժէ շահարկել այդքան նրանց անունները»:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան շատ նրբօրէն յանդիմանած է ի պաշտօնէ փոխվարչապետի հեղինակութեան հանդէպ բարձրագոյն պատասխանատուութիւն դրսեւորելու յանձնառութիւնը ունեցող մամլոյ խօսնակ Փաշոյեանը՝ «ցաւալի» որակելով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Ռոբերտ Աբաջեանի գիտակցուած անձնազոհութիւնը հարցականի ենթարկելու վերաբերմունքը:
«Աւելին, դա անյարգալից վերաբերմունք է ոչ միայն մեր հերոս նահատակների յիշատակի, այլեւ բոլոր այն ապրողների հանդէպ, ովքեր նոյն կամ գուցէ մէկ այլ խրամատում հաւասարապէս պաշտպանել եւ պաշտպանում են բոլորիս, այդ թւում՝ նաեւ Աբաջեանի հերոսութիւնը կասկածի տակ դնողների անվտանգութիւնը», ըսած է Լ. Մնացականեան:
Ուրախ ենք, որ Կարպիս Փաշոյեան որոշած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Կը նախընտրէինք, որ ան հեռացուէր իր ղեկավարին կողմէ՝ յաւելեալ իբրեւ ապացոյց, որ ան չի բաժներ իր խօսնակին կարծիքը, որ նոյնիսկ իր հրաժարականին մէջ «ռազմահայրենասիրական շիզոֆրենիա»յի դրսեւորում կը նկատէ իրեն հանդէպ եղած քննադատութիւնը:
Ինչո՞ւ նման անպատասխանատուներ պաշտօնի կ’առնուին, կարելի՞ է պատասխանել այս հարցին:
Արդա՛ր հարցում. բայց դժբախտաբար կարելի չէ պատասխանել՝ առանց հակա-Նիկոլական համարուելու եւ յարձակումի ենթարկուելու:
Կռապաշտութեան վերադարձը՝ Հայաստան…