ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յուլիս 11ին Պրիւքսէլի մէջ սկսած ՆԱԹՕի վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մասին կայ միայն մէկ պարբերութիւն, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այս պարունակէն ներս, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի հանրապետութեան մէջ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն՝ համապատասխան միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն ու չափանիշներուն, ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ որոշումին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.