Այս օրերուն՝ մեկուսարանէն ազատ արձակուելէն շուրջ մէկ ամիս ետք, ԼՂՀ ՊԲ նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան կը գտնուի Արցախ:
Ըստ «Ապառաժ»ի՝ 9 Յուլիսին Սամուէլ Բաբայեան հանդիպում ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Հանդիպման մասնրամասնութիւնները Բաբայեան ներկայացուց 10 Յուլիսին, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ զինք դիմաւորելու եկած քաղաքացիներուն:
«Ես չեմ եկած յեղափոխութիւն կատարելու: Եկած եմ Արցախ նախ եւ առաջ ինծի եւ շրջապատիս դէմ կատարուած բաներուն վրայ գիծ քաշելու», յայտարարեց Բաբայեան՝ աւելցնելով. «Արցախի մէջ անհրաժեշտ են փոփոխութիւններ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ մենք հայութեան արեւելեան դարպասներու պաշտպանն ենք եւ որ մեզի կը հետեւի թշնամին: Արցախի մէջ փոփոխութիւնները պէտք է տարբերին հայաստանեան փոփոխութիւններէն, բայց տարբերութիւն՝ ո՛չ թէ բովանդակութեամբ, այլ ձեւով: Արցախի մէջ փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին առանց ցնցումներու»:
Ս. Բաբայեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ նախագահ Բակօ Սահակեանին ներկայացուցած է բարեփոխումներու իր տեսլականները՝ սահմանադրական, պաշտպանական, քաղաքական, ընտրական օրէնսգիրքի եւ ՏԻՄ համակարգի հարցերուն շուրջ:
«Նախագահը հասկցաւ իմ մօտեցումները եւ խոստացաւ իրականացնել բարեփոխումներ», նշեց Ս. Բաբայեան եւ ժողովուրդին կոչ ըրաւ՝ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու օրէնսդրական դաշտի բարեփոխումներուն: