ԵՐԵՒԱՆ.- Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախագահի յանձնարարագիրներուն հիման վրայ՝ «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութեան պատկանող «Աւոտգազ» շարք մը ընկերութիւններու մօտ կատարուած չափագրումները պարզած են, որ այդ ընկերութիւնները 2016-2018 թուականներուն ընթացքին ցոյց տուած են պակաս վաճառուած կազի ծաւալներ, որոնց հետեւանքով խուսափած են շուրջ 750 միլիոն դրամի չափով հարկ վճարելէ: Վերոնշեալի հիման վրայ՝ ՊԵԿ քննչական վարչութիւնը յանցաւոր արարքներու յատկանիշներով քրէական գործ յարուցած է: