Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը անուրանալի վկայութիւնն են հայ ժողովուրդին ազատ կամքի, ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան վեհագոյն ձգտումներուն: Ի՜նչ ազգ, որ պատրաստ չէ իր այսօրը զոհել յանուն վաղուան: Այդպէս հաւատացինք 451 թուականին, այդպէս գոյատեւեցինք դարեր շարունակ եւ այդպէս եղաւ Մայիս 1918ին:
Սարդարապատով մենք նուաճեցինք մեր այսօրը: Առաջին Հանրապետութեամբ մենք ունեցանք ներկայի 27 տարեկան Հայաստանը: Փա՜ռք, հարիւր հազար փառք Սարդարապատը կերտող մեր ողջ հայութեան:
1918 թուականի Մայիս 28ին յայտարարուած Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութեան ծնունդը սերտօրէն կ՛առնչուէր եւ հետեւանքն էր ռազմաքաղաքական այդ օրերու իրավիճակին: Մէկ կողմէ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտութեան եւ փլուզման նշաններ ցոյց կու տար, փանթուրքական ախորժակները արթուն պահելով մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, միւս կողմէ Հոկտեմբերեան ընկերվարական յեղափոխութիւնն ու սկսած քաղաքացիական պատերազմը ցարական Ռուսիոյ մէջ, նոր պայմաններ կը ստեղծէին զիրար բզկտող կայսերական պետութիւններուն համար: Այս բոլորին վրայ Սարդարապատի հերոսական պատերազմի օրերուն հայկական աշխարհազօրային ուժերու յաղթանակը Օսմանեան Թուրքիոյ վրայ՝ կը խախտէր շատ մը ծրագիրներ: Ճակատամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք կը յայտարարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը Թիֆլիսի մէջ:
Պէտք էր գուրգուրալ մեր նորաստեղծ Հանրապետութեան վրայ. բան մը, որ իր հնարաւորութիւններուն սահմաններուն մէջ կատարեց հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքէն դուրս բնակող հայութիւնը:
Այդ պարտականութեան գիտակցութեամբ, հայկական քաղաքական ու մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւնները՝ հայ դասական կուսակցութիւնները, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ այլ հոգեւոր ու մշակութային միութիւններ փորձեցին իրենց կարելին ընել երկիրը ոտքի պահելու համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ քաղաքական այլ ուժերու կողքին, կարեւոր է յիշել եւ մատնանշել նաեւ Հայ Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայութիւնը այդ կարճ ժամանակահատուածին մէջ:
Հայաստանին օժանդակելու կարեւոր ծրագիր մըն էր Մեծն Բրիտանիայէն գնուած օդանաւները Առաջին Հանրապետութեան համար, որոնք դժբախտաբար Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով տեղ չհասան:
1921ին, խորհրդային կարգերու հաստատումով, Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավարներ հեռացան Հայաստանէն եւ յետագային բնականաբար կուսակցութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ Խորհրդային Միութեան մէջ: Միանալով ժողովրդավարական եւ ազատական հոսանքներու Հայաստանէն դուրս, անոնք 1921ին միաձուլուեցան նորաստեղծ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մէջ:
Յարգելի ներկաներ,
Յիշելով եւ ըստ արժանւոյն գնահատելով անցեալը, այսօր պէտք է կառուցենք մեր ներկան: Այսօրուան մարտահրաւէրը, զոր կը դիմագրաւենք ազգովին, լրջագոյն քննութիւն մըն է բոլորիս համար: Այսօր չկայ ուրիշ ելք, քան՝ վերակառուցել դեռ պատանի Հայաստանը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր դերը, իր ընելիքը:
Պիտի վերափոխուի՞նք, այո.
Պէտք է վերաշխուժանա՞նք, այո.
Պէտք է պատասխանատուութիւն վերցնե՞նք, այո.
Դիտողի կարգավիճակէն դուրս գալով, մասնակի՞ց ըլլանք նոր Հայաստանի կերտումին՝ այո։
Եւ վերջապէս, մեր գաղափարական մօտեցումներու, աշխատելաոճի, հայրենիքին ծառայելու ձեւի եւ միջոցներու տարբերութիւնները, չեն կրնար շեղել մեզ գլխաւորէն՝ մեր նպատակէն:
Սակայն, խօսքը որքան ալ անուշ հնչէ, ժա՛մն է գործի. ձեռք երկարենք նոր կառավարութեան, եռանդով առնենք մեր քայլը, աւելի՛ կազմակերպուած, աւելի՛ առողջ, յարգելով մեր բոլոր կառոյցները՝ դասական թէ նոր, բարձր պահենք Սուրբ Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներուն հեղինակութիւնները, քաղաքական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները: Զօրակցինք զիրար եւ ամուր պահենք Արցախն ու Հայաստանը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցե՛ն Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւնները: