Այսօր յարգանքի եւ տօնախմբութեան օր է։ Այսօր նաեւ հարիւրամեայ ազգային ինքնահաստատման եւ գիտակցութեան այդ հրաշալի պահն է:
Այս օրերուն, մենք ազգովին կը նշենք Մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակները, Հայաստանի մէջ՝ պետական մաշտապով, իսկ Սփիւռքի տարածքին՝ աւանդական կուսակցութիւններու աննախադէպ համագործակցութեամբ: Աննախադէպ, որովհետեւ այսօր վերապահութիւններ չկան եւ մենք ըստ արժանւոյն կը նշենք մեր պատմութեան մէջ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող այս տօները, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կարողացաւ վերապրիլ, գոյատեւել եւ կառուցել իր երկիրը, ապրելով զարթօնքի շրջան՝ յատկապէս մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան եւ շինարարութեան բնագաւառներէն ներս, պահելով նաեւ իր ինքնուրոյն եւ ազգային յատուկ ինքնութիւնը։
Մէկ դար առաջ, հայ ժողովուրդին համար Սարդարապատի հերոսամարտը եղաւ գոյատեւման պայքարի մեծագոյն յաղթանակը, սերունդները միացնող՝ յանուն ազատութեան եւ յանուն մեր հայրենիքի անկախութեան, դառնալով անջնջելի խորհրդանիշը՝ կեանքի, ազատութեան եւ յաղթանակի։
Այսօր առաջին հերթին՝ մենք կը խոնարհինք մեր բոլոր հերոսներու յիշատակին, ազատագրական պայքարի բոլոր մեր սրբազան քաջերուն, որոնց համար միակ հնարն էր պայքարիլ՝ հայ ժողովուրդի ազատութեան համար… եւ որքան սուղ է անկախութիւն ձեռք բերել եւ աւելի դժուարը՝ զայն պահել։
Մէկ դար առաջ եւ աւելի, մենք՝ ազգային երեք կուսակցութիւններս, ստեղծուեցանք հայ ազգի առաջ գտնուող լուրջ հրամայականներու լոյսին տակ. անոր ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւնը ապահովելու եւ ապագայի բաղձանքները մարմնացնելու համար: Մեր առաջնահերթ պարտականութիւնը եղած է՝ ու պէտք է մնայ, հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանել եւ պայքարիլ անարդարութեան ու տգիտութեան դէմ: Մենք պէտք է մնանք անշեղ մեր սկզբունքներուն եւ կայուն՝ մեր ուղիին մէջ:
Հայրենիքի մէջ, անցնող տարիներու բռնութիւններն ու վարչական փտածութիւնը որքան ժխտական հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճման մէջ, յառաջացնելով մեծ յուսահատութիւն, աղքատութիւն, ցաւ եւ ի վերջոյ՝ հայրենալքում։
Այսօր, մեր միտքն ու հոգին ու մեր կեդրոնացումը այսօրուան Հայաստանի վրայ է, որովհետեւ անոր հզօրացումը եւ բարգաւաճումը միակ գրաւականն է մեր ազգի գոյութեան, յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան։
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծումէն հարիւր տարի ետք, հայ ժողովուրդը կը գտնուի շատ կարեւոր, ոգեւորիչ եւ լուրջ ժամանակաշրջանի մը շեմին, եւ պատմութեան մէջ կ՛արձանագրէ վերազարթնումի եւ բարեկարգութեան իսկական ձեռնադրութիւններ, օրէնսդրութեան վերահաստատում, հաշտեցման գործընթաց, ցուցաբերելով ազգային միասնականութեան գերազանց ոգի եւ վճռակամութիւն։
Մենք ուժեղ ենք, երբ մեր հայրենիքը ուժեղ է։
Երբ մենք ներսը ուժեղ ենք, դուրսն ալ անպարտ ենք եւ անխորտակելի։
Յարատեւ գիտակցութեամբ եւ արթնութեամբ մենք պէտք է նեցուկ կանգնինք մեր հայրենիքին եւ կատարուող բարեկարգութիւններուն, որոնց բուն նպատակն է զերծ մնալ չարիքէն, սուտէն եւ ապօրէնէն. բարեկարգութիւններ՝ որոնք անպայման կը հետապնդեն մեր իսկական անկախութիւնը եւ հզօրացումը։
Թաւշեայ նոր Արշալոյսներու ծագումէն ետք, այսօր հայը մեծապէս կը կառչի լիարժէք եւ մշտական անկախութիւն ապահովելու: Անկախութիւնը պէտք է ըլլայ արտացոլացումը մեր նպատակներուն: Հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ ինքնաբաւ, հանգիստ եւ ուրախ, որպէսի չլքէ իր տունը. որպէսզի կանգուն մնայ մեր հայրենիքը…: Անկախութիւնը պէտք է ճիշդ ապրիլ, արժեւորել զայն եւ հոգ տանիլ՝ յարատեւութեամբ: Որքան ճիշդ ապրինք անկախութիւնը, այդքան աւելի կը մօտենանք մեր պահանջքներու իրականացման եւ իրաւունքներու ձեռքբերման։
Մեր մաղթանքն է որ ներկայ դրութիւնը կայուն եւ հետեւողական մնայ եւ անկէ ետք լիարժէք կերպով ժողովրդավարութիւնը հաստատուի մեր հայրենիքէն ներս, կայուն պահելով նաեւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը եւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը։
Թող ամէն մէկ հայ գիտակցի իր պարտականութիւններուն եւ իր ներդրումը բերէ այս հսկայ գործին, որպէս Ազգային պարտականութեան կարեւոր ուղեգիծ, աշխատելով այսօրուան հրամայականներով, տէր մնալով իր ինքնութեան եւ դառնալով հայ ազգի արժանաւոր զաւակ… եւ այն ատեն մենք անպայման կը հասնինք այդ լուսաւոր եւ պայծառ հորիզոնին, իսկական անկախութեան եւ այդ ճանապարհով ալ օր մը անպայման կ՛ունենանք ամբողջական մեր Հայաստանը։
Կեցցե՛ն բոլոր անոնք, որոնք վեր կը դասեն հայրենիքի բարօրութիւնը,
Կեցցէ՛ Հայ Ազգը,
Կեցցէ՛ Ազատ ու Անկախ Նոր Հայաստանը։
ՍԴՀԿի Ներկայացուցիչ Լենա Մանուկեանի Պատգամը՝ Արտասանուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի Տօնակատարութեան