Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկեց Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան «Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր»ին եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին իր «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան:
Պատգամաւորը գրած է. «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին կողմ քուէարկեցին 598, դէմ՝ 52, ձեռնպահ՝ 27 պատգամաւորներ»:
Եւրոպական խորհրդարանը 3 Յուլիսի նիստին քննարկեց Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան «Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր»ին համաձայնութիւն տալու հարցը, կը յայտնէ Աշոտեան՝ աւելցնելով. «Համաձայնագիրը գնահատուած է իբրեւ յաջողութեան պատմութիւն եւ պատմական կարելիութիւն. ընդգծուած է, որ անիկա կազմուած, աշխատցուած եւ ստորագրուած է նախորդ կառավարութեան օրերուն: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց հաւանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել»:
Բարձրացուած է նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցը: Կարեւոր նկատուած է Արցախի տագնապի խաղաղ եւ արագ լուծումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.