28 Յունիսին, պաշտօնական այցելութեամբ Երուսաղէմ գտնուող Անգլիոյ արքայազն Ուիլեըմ այցելեց Ս. Յարութեան տաճար, ուր զայն դիմաւորեցին Իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ներկայացուց Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիբեանը:
Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցին ընթացքին Անգլիոյ արքայազնին բարի գալուստի խօսք արտասանեց տաճարի հայ տեսուչ Սամուէլ Ծ. վարդապետ Աղոյեան եւ պատրիարքարանին կողմէ անոր նուիրեց հայկական խաչ մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.