ՓԱՐԻԶ.- 28 Յունիսին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ» կեդրոնի հանրային պաշտօնական ներկայացումը՝ քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ ԹՈՒՄՕի գործադիր տնօրէն Մարի-Լու Փափազեանի ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի 25 Սեպտեմբերին, «Ֆորոմ տեզ Իմաժ» (Forum des Images) կեդրոնին մէջ, Փարիզի «Լէ Ալ» (Les Halles) շրջանի կեդրոնական հատուածի տարածքին:
«ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի միջազգային առաջին կեդրոնն է: Անիկա անվճար կրթութիւն պիտի ապահովէ 12էն 18 տարեկան շուրջ 1500 պատանիներու: Կեդրոնին մէջ ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան ուսումնասիրելու բազմաթիւ ոլորտներ, որոնց շարքին՝ ֆիլմերու պատրաստութիւն, ծրագրաւորում, շարժանկարի (animation) պատրաստութիւն, «կրեֆիք տիզայն», խաղերու պատրաստութիւն, եռաչափ ձեւաւորում, նկարչութիւն եւ երաժշտութիւն: «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը կը գտնուի Ֆրանսայի ամենամեծ կեդրոնական կայարանին կից, եւ ըստ քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի՝ ԹՈՒՄՕն պիտի դառնայ երիտասարդութեան հաղորդակցութեան խաչմերուկ, ուր անոնք ոչ միայն պիտի կարենան ձեռք բերել նոր հմտութիւններ, այլ նաեւ պիտի կարենան իրագործել իրենց ամենաստեղծագործ գաղափարներն ու թուային փորձարկումները:
Կեդրոնի բացման գաղափարը ծիլ արձակեց 2016ին, երբ Երեւանի ԹՈՒՄՕ իր այցելութեան ընթացքին, այս գաղափարով սքանչացած՝ Անն Հիտալկօ կեդրոնի պատասխանատու Մարի-Լու Փափազեանի հետ համաձայնեցաւ Փարիզի մէջ եւս նման կեդրոն մը բանալ:
Աշխատանքային բազմաթիւ այցելութիւններէ ետք, ծրագիրը յարմարուեցաւ ֆրանսականին եւ այսօր բոլոր յարմարութիւնները ապահովելէ ետք՝ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը արդէն գրեթէ պատրաստ է բացումի: 3 Յուլիսին, փարիզեան կեդրոնին վերջերս միացած աշխատակիցները Ֆրանսայէն կը ժամանեն Երեւանի ԹՈՒՄՕ սկսելու վերապատրաստման աշխատանքները:
««ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ի բացումը մեզի համար շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Այս քայլով կը սկսի մեր միջազգային տարածումը, որ թոյլ պիտի տայ ԹՈՒՄՕի կրթական նոր մեթոտները հասանելի դարձնել միջազգային հանրութեան՝ նոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստանի մէջ 25 ԹՈՒՄՕ կեդրոններ բանալու համար անհրաժեշտ նիւթականը եւ մարդուժը», ըսաւ Մարի-Լու Փափազեան: Նշենք, որ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ի տնօրէնութեան պատասխանատու պաշտօնին նշանակուած է ֆրանսահայ խոստմնալից երիտասարդ Կորիւն Խաչատուրեան։