
ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 1-2 2008 ժամանակահատուածին, Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով նախաքննութիւնը կատարող քննչական խումբի ղեկավարին կողմէ 3 Յուլիս 2018ին, քրէական գործ յարուցուեցաւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 300.1եր յօդուածի 1ին մասի յատկանիշներով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր մարմինի ղեկավար անձի՝ պաշտպանութեան նախարարի եւ այլ անձերու կողմէ 23 Փետրուարէն Մարտ 2 2008 ժամանակահատուածին, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելու դէպքին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեանն (ՅՔԾ) լրատուական ծառայութենէն:
Քրէական գործը միացուած է 1 Մարտ 2008ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քննուող քրէական գործին:
Նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ՝ 3 Յուլիս 2018ին, որոշում տրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 300.1րդ յօդուածի 1ին մասով իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու մասին՝ այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, սահմանադրական կարգը տապալած ըլլալուն համար:
Այսպէս, պարզուած է, որ 19 Փետրուար 2008ին իրականացած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նախապատրաստման եւ իրականացման ընթացքին տեղի ունեցած են այնպիսի ընտրախախտումներ, որոնք, ըստ հասարակութեան լայն շերտերու, խախտած են այդ ժամանակ գործող Սահմանադրութեան 4րդ յօդուածին մէջ ամրագրուած՝ ընտրական իրաւունքի հիմնական սկզբունքները, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ ժողովուրդը զրկուած է ազատ ընտրութիւններու միջոցով իր իշխանութիւնը իրականացնելու հնարաւորութենէն:
Ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած մեծածաւալ խախտումները, որոնք հասարակական կազմակերպութիւններու, զանազան իրաւապաշտպան կառոյցներու եւ քաղաքացիներու կողմէ վերագրուած են Հանրապետութեան գործող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ գործող վարչապետ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներուն, յառաջացուցած են հանրութեան մեծ մասի զայրոյթը եւ 20 Փետրուար 2008էն սկսեալ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած են նախագահի միւս թեկնածուներուն սատարող բազմահազար քաղաքացիներու զանգուածային հրապարակային խաղաղ քայլեր, երթեր եւ շուրջօրեայ հանրահաւաքներ:
Հասարակութեան լայն շրջանակներու մէջ յառաջացած դժգոհութիւնը եւ խաղաղ հաւաքներուն մարդոց նոր զանգուածներու ներգրաւումը լուրջ անհանգստութիւն պատճառած է գործող իշխանութիւններուն: Երբ հաւաքներու ենթադրեալ անիրաւաչափ ըլլալու մասին ոստիկանութեան յայտարարութիւններով եւ կոչերով կարելի չէ եղած խոչընդոտել շուրջօրեայ խաղաղ հաւաքներու իրականացումը՝ գործող իշխանութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձեր, ներառեալ պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան, իրականացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելուն ուղղուած գործողութիւններ, որոնք արտայայտուած են Սահմանադրութեան 1-5րդ յօդուածներով եւ 6րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած չափանիշները փաստացիօրէն վերացնելով, այդ ժամանակահատուածին իրաւական համակարգին մէջ անոնց գործողութեան դադրեցումով:
Պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան եւ միւս պաշտօնատար անձերը խախտած են 2008ին գործող Հայաստանի Սահմանադրութեան 8.2րդ յօդուածը, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կ՛ապահովեն Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը: Զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու ընթացքին կը պահպանեն չէզոքութիւն եւ կը գտնուին քաղաքացիական վերահսկողութեան ներքոյ», ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 13րդ կէտը այն մասին, որ միայն Հանրապետութեան վրայ զինուած յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու պարագային կրնայ Հայաստանի նախագահը յայտարարել ռազմական դրութիւն, եւ միայն ռազմական դրութեան յայտարարութենէն ետք կրնայ որոշում ընդունուիլ զինուած ուժերու օգտագործման մասին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան եւ միւս պաշտօնատար անձերը Սահմանադրութեան խախտումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փաստօրէն հաստատած են ռազմական դրութիւն, զինուած ուժերը օգտագործած են քաղաքական հարցերու մէջ, խաղաղ հանրահաւաքներու մասնակից քաղաքացիներու դէմ:
Պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան 23 Փետրուար 2008ին ստորագրած էր յոյժ գաղտնի թիւ 0038 ակնյայտ ապօրինի հրամանը «ՀՀ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին կողմէ առաջադրուած խնդիրներու կատարման վերաբերեալ», որուն մէջ խաղաղ ցուցարարները բնորոշուած են իբրեւ «ՀՀ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները չընդունող, իրավիճակը ապակայունացնող քաղաքական ուժեր», եւ «երկրի բնականոն զարգացումը» ապահովելու նպատակով ՀՀ զինուած ուժերու ամբողջ անձնակազմը տեղափոխուած է զօրանոցային վիճակի: Ստեղծուած են սպայական խումբեր, զորս զինած են տաբելային զէնքերով: Հրամանով ՀՀ Զինուած ուժերու կազմէն ստեղծուած են նաեւ բարձր շարժունակութեամբ, բարդ իրավիճակներու մէջ արդիւնաւէտ գործելու ունակ հաւաքական ստորաբաժանումներ, զորս զինած են հրաձգային զէնքերով: Յանձնարարուած է այդ ստորաբաժանումները համալրել առաւել պատրաստուած եւ հոգեբանօրէն կայուն ծառայողներով:
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 24 Փետրուար 2008ին ամփոփեց ընտրութեան արդիւնքները եւ ընդունեց իր թիւ 24-Ա որոշումը, որուն համաձայն՝ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է Սերժ Սարգսեան:
Երեւան քաղաքին մէջ բազմահազարանոց խաղաղ հանրահաւաքները շարունակուած են, որոնց մասնակիցները պահանջած են քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկ կատարել:
Պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի 23 Փետրուար 2008ի թիւ 0038 հրամանին համաձայն՝ Երեւան քաղաքի մէջ փաստացի սահմանուած ռազմական դրութեան եւ զինուած ուժերու հակասահմանադրական օգտագործման ծիրին մէջ, այդ հրամանով ձեւաւորուած զինուորական կառավարման նոր կառոյցին կազմակերպումով իրականացուած է բանակային ստորաբաժանումներու տեղաշարժ՝ Զինուած ուժերու շարք մը ստորաբաժանումներ զինուած դուրս բերուած են տեղակայման հիմնական վայրերէն եւ տեղափոխուած Երեւանի կամ քաղաքամերձ հատուածներու մէջ գտնուող զօրամասեր:
1 Մարտ 2008ի գիշերը, լուսաբացէն առաջ, Երեւան քաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ ոստիկանական ուժերուն կողմէ իրականացեցաւ «տեղանքի հետազօտում»՝ անմիջական հետախուզական քայլ, որուն ընթացքին բազմահազար խաղաղ ցուցարարներ հեռացուեցան հրապարակէն եւ ստիպուած հանգրուանեցին Մեասնիկեանի արձանի յարակից տարածքին վրայ:
Խաղաղ ցուցարարներուն թիւը առաւել աճեցաւ եւ արդէն ցերեկը պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումները իրենց սարքերով, գնդացիրներով զինուած տեղակայուեցան Հանրապետութեան հրապարակին, Տիգրան Մեծ, Մելիք-Ադամեան եւ այլ փողոցներու վրայ:
Փաստացիօրէն հաստատուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, նոյն օրը երեկոյեան, Զինուած ուժերը եւ ոստիկանութեան ստորաբաժանումները Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն վրայ զէնքի, պայթուցիկ նիւթերու եւ յատուկ միջոցներու գործադրումով իրականացուցին յատուկ ձեռնարկներ՝ խաղաղ հաւաքը ցրելու եւ անզէն ցուցարարները փողոցներէն հեռացնելու ուղղութեամբ:
Հրազէնի, ռազմամթերքի, պայթուցիկ նիւթերու եւ յատուկ միջոցներու գործադրման հետեւանքով հարիւրաւոր մարդիկ ստացն տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ, պետութեան, Երեւան համայնքին եւ քաղաքացիներուն պատճառուեցան մեծ չափերու գոյքային վնաս:
Տեղի ունեցած գործողութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն ընթացքին զոհուեցան 8 քաղաքացիական անձեր եւ ոստիկանութեան 2 ծառայողներ: Խաղաղ հաւաքը ցրուեցաւ: Էական վնաս հասցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկին:
Մեղադրեալ Մ. Յարութիւնեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն. անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորումը կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: