ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութեան Երկուշաբթի, 25 Յունիսի երեկոյեան, Արագած շրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽի պարտէզ-գրադարանի հանդիսաւոր բացումը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտները երգեցին դպրոցական քայլերգը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի նախկին աշակերտ Արազ Գոճայեան: Ան նկարագրեց ԼՕխի երբեմնի գրադարանի արդիականացումը, յատկապէս «Նարօտ Արտալճեան» վերանուանումէն ետք. աշակերտները ունեցան տաքուկ յարկ, գունաւոր եւ հանգստաւէտ գրասեղաններ, բազմոցներ, տիկնիկներու տնակ, դաստիարակչական խաղեր եւ մանկապատանեկան գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ:
Խօսք առաւ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած այս գեղեցիկ հանրային պարտէզը արդիւնք է ԼՕԽի գործունէութեան նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան, հաւատքին եւ քաջալերանքին: Առ այդ, Շրջանային վարչութիւնը ծրագրեց ԼՕԽի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը փոխադրել այս շրջափակին մէջ եւ զայն օժտել արդիական կառոյցով ու կահոյքով, որպէսզի ամրան ընթացքին գրադարան յաճախող աշակերտները կարելիութիւն ունենան ընթերցելու, զարգանալու գիտելիքներով, դաստիարակչական խաղերով, զբօսնելու, իսկ ձմրան ընթացքին իրենց դասերը սերտելու: Մարալ Մխճեան նշեց, որ 2018 տարին կը զուգադիպի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25ամեակին, եւ ասիկա արժանի նուէրն է մեր մանուկներուն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այս առիթով իր խօսքը արտասանեց: Ան ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը ենթակառոյցի, երթեւեկի, ոստիկանութեան ու մաքրութեան ծառայութիւններու կողքին հետամուտ է ժողովուրդի կարիքներուն հոգ տանելու: Այս առումով, քաղաքապետական խորհուրդը իր ծառայութիւններու ծիրը ընդարձակած է՝ ընդգրկելու շրջանի բնակչութեան ընկերային, բնակարանային, առողջապահական, մարզական, մշակութային եւ այլ ոլորտներ, եւ իրենք կը գործակցին իրենց առաքելութեան նուիրուած կազմակերպութիւններու հետ, որոնց կարգին է ԼՕԽը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով այս տարածքը կը տրամադրուի ԼՕԽին, եւ ասիկա մարտահրաւէր է այս միութեան շարունակելու իր ծաւալուն գործունէութիւնը եւ խարսխուելու Պուրճ Համուտի իրականութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նեցուկ է ԼՕԽին:
Ապա «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտները գիրքին եւ ընթերցանութեան գովքը հիւսող հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով հանդէս եկան:
Հուսկ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը արտասանեց: Ան նշեց, որ մէկուկէս տարի առաջ, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ կը շրջագայէր Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ եւ տեսնելով, որ այս հանրային պարտէզը սկսած էր կորսնցնելու իր կեանքը, առաջարկած է քաղաքապետին, որ այս տարածքը յանձնուի ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, եւ հոն փոխադրուի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը: Այս առումով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ խոստումը դարձաւ իրականութիւն:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այսօր ունինք սքանչելի գրադարան մը, հսկայ տարածքով եւ խաղավայրով, որուն կառուցումը եղաւ առանց աղմուկի: Առանց խօսելու կատարուեցաւ այս գործը եւ գործը ինք կը խօսի: Ան յայտնեց, որ ասիկա չկառուցուեցաւ փակուելու համար, այլ կառուցուեցաւ, որպէսզի մեր զաւակները գրադարան յաճախեն եւ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դաս սորվին: Պէտք է երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը կ՛ընծայեն:
Պուրճ Համուտի եւ Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ հոս՝ Լիբանանի մէջ, պայմանով, որ շարունակէ տրոփել ու շնչել հայօրէն, հայ երեխաները յաճախեն հայկական դպրոց, անոնք մաս կազմեն հայկական միութիւններու, մեր շրջանաւարտները դերակատարութիւն վերցնեն մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ, մաս կազմեն մեր կուսակցութիւններուն եւ անպայման ըլլան հայութեան մէջ, մտածեն, աշխատին ու ստեղծագործեն հայօրէն, որովհետեւ այլապէս կը կորսնցենք մենք մեզ եւ անցեալէն եկած բոլոր ժառանգները, որոնք վստահուած են մեզի՝ շարունակելու մեր նախնիներուն սկսած գործը:
Փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր գնահատանքը յայտնեց ի տես այս սքանչելի նախաձեռնութեան, որ իրականացած է այս միջավայրին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակները փողոցի այլասերող միջավայրէն անջատուելով այս գրադարանի եւ խաղավայրի առողջ մթնոլորտին մէջ կարենան իրենց միտքն ու հոգին կերտել՝ համաձայն մեր ակնկալութիւններուն:
Ապա առաջնորդ սրբազանը օրհնութեան աղօթք կատարեց եւ ժապաւէնի հատումով մեկնարկը կատարուեցաւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան-պարտէզի բացման: