Ամէնուրեք գիրք հրատարակելը ծնունդի նման մեծ ուրախութիւն է, յատկապէս ազգին հետաքրքրութիւնները բաւարարող գիրք մը, ինչպիսին է «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» գիրքը, զոր լոյս ընծայած է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալի մէջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ Սարգիս Մահսերեճեանի խմբագրութեամբ եւ Լոս Անճելըսի «Արարատ Տան» «Էսքիճեան» թանգարանին մեկենասութեամբ:
Բժիշկ Հարպոյեան Լոս Անճելըս կը գտնուէր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին հրաւէրով, ներկայ ըլլալու իր գիրքի շնորհահանդէսին, որ կատարուեցաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ, 16 Մայիսին, «Արարատ Տան» «Էսքիճեան» թանգարանին մէջ:
Այս առիթէն օգտուելով եւ ի մտի ունենալով գիրքին շահեկանութիւնը, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը պատշաճ գտաւ երկրորդ շնորհահանդէս մը կազմակերպել հանրութեան եւ Համազգայինի անդամներուն համար, որոնք առիթ չունեցան առաջին ձեռնարկին ներկայ գտնուելու: Երեկոն տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Մայիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Այս գիրքին մէջ տեղ գտած ճշմարտութիւններն ու նկարագրութիւնները քաղուած են ժողովուրդի լաւագոյն զաւակներու յիշողութիւններէն եւ գրաւոր աղբիւրներէ ու կը փոխանցուին նոր սերունդներու յիշողութեան մէջ: Անոնք ոչ միայն կը հրապուրեն ընթերցողը, այլ նաեւ կը ներշնչեն զինք՝ իր ազգի ճակատագիրի կոփման մասնակից ըլլալու եւ իր ժողովուրդը յուզող հարցերուն լուծման յանձնառու դառնալու. գործընթաց մը, որուն հոլովոյթին ընդմէջէն հայը կու գայ գիտակցիլ իր պարտականութեան եւ ծանիլ ինքն իր էութիւնը:
Ազգին ու յատկապէս սփիւռքահայութեան պատասխանատու եւ ճշմարիտ զաւակ դառնալու կարեւորագոյն միջոցներէն մէկն է կարդալը: Կարդալը ամենալայն դարպասն է դէպի պահանջատիրութիւն առաջնորդուելու եւ իրազեկ դառնալու ազգային պատմութեան անցուդարձերուն, ճանչնալու հայրենիքի՝ պատմական հայրենիքի աշխարհագրութեան կորած բայց պահանջելի հարստութիւնները: Կարդալը մեզի կու տայ գիտակցութիւն՝ մեր ծագման, անցեալի եւ ներկայի մասին, ինչպէս նաեւ մեր հաւաքական ապագայի որոշումներուն մասին:
Երեկոյին բացումը կատարեց Գրական միաւորի ատենապետ Րաֆֆի Մելքոնեան, որ նաեւ ներկայացուց հեղինակին հարուստ կենսագրութիւնը՝ սահիկներու (փաուըր փոյնթի) ընկերակցութեամբ, ինչ որ անսովոր եւ հետաքրքրաշարժ դարձուց հեղինակին կեանքի ուղիի նկարագրութիւնը:
Կենսագրութեան մէջ, խօսուն նկարներով յիշուած էր բժիշկին հրապարակախօսական գործունէութեան եւ հրատարակած յօդուածաշարքերուն մասին, որոնք լոյս ընծայուած են հայկական մամուլի էջերուն վրայ («Ազդակ», «Ասպարէզ») եւ միջազգային պարբերականներու մէջ: Խօսուեցաւ հեղինակին հրատարակած գիրքերու մասին, ինչպէս՝ «Բժիշկին Ա. Խօսքը» եւ առաջին հատորին հետեւած Բ., Գ. եւ Դ. հատորները, «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորները, հասնելով իր նորագոյն գիրքին՝ երեկոյի խնդրոյ առարկայ «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին»:
Բժիշկ Հարպոյեանի գործունէութեան բարձր վարկերու շարքին, նաեւ յիշուեցաւ բժշկական համաշխարհային ատեաններու մէջ գրանցուած իր յայտնաբերած «Հարպոյեան համախտանիշ»ը (Harboyan Syndrom). ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասին կարելի է կարդալ բազմաթիւ բժշկական հրատարակութիւններու եւ համալսարանական պարբերականներու մէջ:
Կենսագրութիւնը նաեւ լոյս սփռեց բժիշկին ազգային-հասարակական գործունէութեան վրայ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներու ատենապետ, կաթողիկոսական Ընտրական ժողովի ատենապետ, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխան եւ Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ, «Ճինիշեան Ձեռնարկ»ի Լիբանանի խորհրդատու մարմինի անդամ եւ Պէյրութի խորհրդատու մարմնի երկար տարիներու ծառայող, Գանատայի Հայոց թեմի երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ:
Հեղինակը նաեւ եղած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ:
Առ այդ, ան 2009ին պարգեւատրուած է Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Համազգայինի պատուոյ շքանշանով: Ահա երկրորդ պատճառը, գիրքի արժէքին կողքին, թէ ինչո՛ւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը պարտք զգաց այս երեկոն կազմակերպել ի պատիւ բժիշկին եւ իր նոր հրատարակութեան:
Կենսագրականէն ետք ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի հայ բժիշկներու ընկերակցութեան նախկին ատենապետ տոքթոր Վարդան Թաշճեան, որ ամփոփ կերպով, բայց շատ դիպուկ եւ հրապուրիչ ոճով խօսեցաւ գիրքին պատրաստման համար տարուած անխոնջ ու բծախնդիր աշխատանքին մասին: Ան վեր առաւ գիրքին արժանիքները, իբրեւ աղբիւր եւ ընթերցանութեան համար հաճելի հրատարակութիւն, հաստատելով, որ գիրքը հարուստ եւ մեծարժէք աղբիւր մըն է, որ բազմակողմանի եւ վաւերական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ սրբադասուելի բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու մասին, որոնք ինկան ծառայութեան ընթացքին, ինչպէս կատարուեցաւ 2015ին նահատակ գրողներու եւ բանաստեղծներու պարագային:
Գիրքին գրախօսականը կատարեց հեղինակը: Ան սկսաւ իր ելոյթը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ անոր Գրական միաւորին, իր աշխատասիրութեան շնորհահանդէսը կազմակերպելու համար, ապա մանրամասնօրէն մերկացուց Օսմանեան կայսրութեան հիւսած դաւադրամիտ ծրագիրները, որոնք միտումնաւոր կերպով հիւսուած էին ոչնչացնելու համար հայ ժողովուրդի ամենաընտիր զաւակներն ու ղեկավարները:
Հեղինակը իր գիրքը սկսած է՝ նկարագրելով Ցեղասպանութեան նախորդող 100 տարիներուն ընթացքին հայ բժիշկներուն կատարած ծառայութիւնները եւ ըստ այնմ տարածած համբաւը՝ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Ան գիրքէն քաղուած փաստացի պատումներ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան՝ անոր հեղինակներուն, կազմակերպողներուն, գործադրողներուն եւ մասնակիցներուն մասին, մասնաւորապէս թուրք բժիշկներուն դերակատարութեան, անոնց նենգամիտ ու արիւնարբու մտածողութեան մասին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են դարեր շարունակ, մինչեւ 1915, հայ ազգին տուած հազարաւոր անուանի եւ տաղանդաւոր բժիշկներու անուններ, որոնք հաւատարմօրէն կատարելով Հիպոկրատեան երդումը, նուիրուած էին ծառայելու ոչ միայն իրենց ազգակիցներուն այլ համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի՝ թուրք ժողովուրդին, անոր պետութեան, իշխանաւորներուն ու բանակին: Առողջապահութեան դաշտին մէջ աշխատած հայերու մարդասիրական ծառայութիւնը սահմաններ չէ ունեցած. անոնք նկատի չեն առած հիւանդին ազգութիւնը, կրօնքը, ընկերային վիճակը կամ սեռը, անմնացորդ մատուցանելով իրենց մարդկային, քաղաքացիական եւ բժշկական ծառայութիւնները:
Հեղինակը մեծ թիւով անուններ յիշեց հայ բժիշկներու, որոնք Ցեղասպանութենէն առաջ զբաղեցուցած են կարեւոր պաշտօններ Պոլսոյ Կայսերական վարժարանին եւ զինուորական բարձրագոյն հիւանդանոցներուն մէջ՝ որպէս դասախօսներ, դարմանող բժիշկներ, վիրաբուժներ եւ գիտական ուսումնասիրողներ: Անոնք բերած են իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը թրքական բանակի բժշկական սպասարկութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան բժշկական վերելքին: Հայ բժիշկներէն շատերը ղրկուած են կռուի դաշտ՝ ի խնդիր երկրի պաշտպանութեան եւ հոն քաջաբար թափած են իրենց արիւնը: Մեծ թիւով հայ բժիշկներ արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր պատիւներու՝ կայսրութեան մատուցած իրենց ծառայութիւններուն համար: Անուններով յիշուած այս նուիրեալներու փաղանգին կը պատկանէր Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին՝ Զարուհի Գաւալճեան:
Հայ բժիշկներէն շատերը մեծ դերակատարութիւն ունեցած են թուրքիոյ բժշկութեան վերելքին մէջ: 1838ին հայ բժիշկ Էմմանուէլ Շահեանը թելադրած է սուլթան Մահմուտին, որ Պոլսոյ մէջ հիմնուէր Թուրքիոյ առաջին բժշկական դպրոցը, եւ այդ իրականացած էր իր անմիջական գործակցութեամբ:
Հարիւրաւոր բժիշկներուն կեանքերուն մասին հիւսուած նկարագրութիւններու եւ հնամենի նկարներու շարքին, հեղինակը մանրամասնօրէն ներկայացուց Յովհաննէս Քէաթիպեանի կենսագրութիւնը՝ անուանի բժիշկ, կարկառուն հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ հրապարակախօս: Ան եղած է Յակոբ Պարոնեանի հօրեղբորորդին: Իր բժշկական ուսումը ստացած է Փարիզի Բժշկական համալսարանէն 1855-1861: Ուսանողութեան տարիներուն ծաօթացած է Միքայէլ Նալբանդեանին եւ ներշնչուած անոր յեղափոխական գաղափարներով: Ստացած է ֆրանսական հպատակութիւն եւ մասնակցած է Փարիզի մէջ Ստեփան Ոսկանեանի «Արեւմուտք» պարբերականի հիմնադրութեան: Վերադարձած է Պոլիս 1861ին եւ աշխատած որպէս բժիշկ: 1862ին Զէյթունի ապստամբութեան օրերուն եղած է Յարութիւն Սվաճեանի գլխաւորած գաղտնի «Յեղափոխական մարմին»ի ղեկավար անդամներէն մէկը: 1867ին ընտրուած է Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եւ Պոլսոյ կայսերական բժշկական ընկերութեան ղեկավարներէն մէկը: 1872ին աշխատած է Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ որպէս բժիշկ-վիրաբուժ, իսկ 1874էն 1878 եղած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Պոլսոյ Հայոց բարեգործական ընկերութեան ղեկավարութեան անդամ: Բուժած է աղքատները ձրիաբար եւ օգտակար եղած է բոլորին՝ մանաւանդ չքաւորին: Վայելած է նաեւ Սուլթանին եւ օտար երկիրներու դեսպաններու յարգանքը: Այս բոլորը ստեղծած են նախանձ եւ թշնամական կեցուածք՝ պալատական շրջանակներու մօտ: 20 Հոկտեմբեր 1882ին, սուլթան Ապտիւլ Համիտ երկրորդի պալատական բժիշկը կը հրաւիրէ բժիշկ Քէաթիպեանը սուլթանի հարեմներէն մէկուն մէջ ծննդաբերութիւն կատարելու համար: Յաջող ծննդաբերութենէն ետք սուլթանը բժիշկ Քէաթիպեանին կ՛առաջարկէ պալատի բժշկապետի պաշտօնը: Սակայն Քէաթիպեան կը մերժէ՝ առարկելով, որ ինք աղքատներու բժիշկ է: Այս մերժումը սուլթանին կողմէ կը նկատուի վիրաւորանք: Նոյն օրը բժիշկը կը հրաւիրուի թուրք փաշայի մը տունը հիւանդ տեսնելու: Ան կ՛երթայ սակայն չի վերադառնար: Յաջորդ օր անոր խեղդամահ եղած դիակը կը գտնուի Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղամասի ծովափը: Ան կը թաղուի Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմաննոցին մէջ: Բժիշկին դագաղին մօտ «Ողբ Ի Վերայ Բարեկամիս» մահախօսականը կարդացած է անոր մտերիմը՝ Գրիգոր Օտեան:
Հեղինակը անվիճելի փաստեր կը ներկայացնէ, որ թուրքը նպատակաուղղուած կերպով ծրագրած է բնաջինջ ընել ոչ միայն ամբողջ ժողովուրդը, այլ նաեւ չէ խնայած հայ բժշկական դասուն: Թուրք բժիշկները դարձած են առաջին մեղսակիցները հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպաննութեան: Գիրքին մէջ յիշուած եւ փաստերով ու նկարներով վաւերագրուած են հարիւրաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու անուններ, որոնք նահատակուած են քաղաքացիին սպասարկելու ժամանակ. ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ՝ ծառայութեան ընթացքին: Անոնցմէ շատերը կախաղան բարձրացած են առանց դատավարութեան. ուրիշներ հրկիզուած են եւ հրոյ ճարակ դարձած, անգութօրէն մորթուած՝ ահռելի եւ սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ. ոմանք ողջակիզուած են, իսկ ուրիշներ մորթուած կամ սպաննուած են ստորնութեամբ:
Հեղինակը փաստերով ներկայացուցած է Թուրքիոյ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ յատկապէս «Կարմիր մահիկ»ի ունեցած գործօն մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան ոճիրին: Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են երկրին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ դարձած են դահճապետներ՝ իրենց գործակից պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ մահացու նախանձով հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն հանդէպ: Թուրք բժիշկներու այս դերակատարութիւնները պաշտօնապէս բացայայտուած են 1918-1919ին տեղի ունեցած թրքական զինուորական դատավարութիւններուն ընթացքին, երբ քէմալական կառավարութեան կողմէ դատուեցան Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավարները: Զինուորական դատարանին եզրակացութիւններուն համաձայն՝ հայոց ջարդերուն պարագլուխներէն եւ հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպաննութեան մեղսակից եղած են հետեւեալ թուրք բժիշկները՝ Նազիմ, Պեհաէտտին Շաքիր, Սիւլէյման Փաշա Նեման, Համիտ Սուատ, Ալի Սայիպ, տոքթոր Ֆայիք, Մեհմետ Պէյ Ռաշիտ, Ֆազիլ Պեքրի, Մեհմետ Հասան, Ասաֆ Մուշի, Ֆերիտոն, Շեվքեթ, Սանի Եավեր եւ հարիւրաւոր այլ պաշտօնատար բժիշկներ:
Թուրք բժիշկներ նաեւ մասնակցած են պատմութեան նենգափոխութեան: Ուրֆայի թաղապետական բժիշկ՝ Տոքթոր Թահսին, բժշկական սուտ վկայագիր ստորագրած է, հաստատելով, որ Գրիգոր Զօհրապ սրտի տագնապով մահացած է Ուրֆայէն Տիարպեքիր ճամբորդած ատեն եւ թէ ինք՝ բժիշկը նախապէս քննած է հիւանդ Գրիգոր Զօհրապը Ուրֆայի մէջ ու ախտանշած է անոր սրտի հիւանդութիւնը: Ասոր կողքին ոճրագործ բժիշկը ստիպած է տեղւոյն քահանային՝ Վանէս Օղլու Հայրապետին, որ վկայագիր մը ստորագրէ՝ ըսելով, որ կրօնական օրինաւոր թաղում ըրած է Գրիգոր Զօհրապին:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են ականատեսներու արժէքաւոր վկայութիւններ: Արաբ հանրածանօթ անձնաւորութեան մը վկայութեամբ՝ անուանի Թուրք տոքթոր Ազիզ Պէյ ընդվզումով պատմած է. «Հայ երեւելի ձերբակալուած անձնաւորութիւններ խումբ առ խումբ, իւրաքանչիւր խումբ կազմուած տաս անձերէ, ոչխարներու նման կը ներկայանային չորս թուրք մարդասպան-մսագործ դահիճներու, որոնք մէկ առ մէկ կը հարուածէին անմեղ հայերու վիզերը իրենց ունեցած մսագործի երկար դանակներով»:
Ուրիշ թուրք բժիշկներ կատարած են հրէշային անդամահատումներ: Անոնք անդամահատած են շատ մը հայ աղջիկներու եւ կիներու կրծքագեղձերը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը յագեցուցած են անչափահաս 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներէն: Թուրք ակնաբուժ մը, փոխանակ դարմանելու իր հայ հիւանդներուն աչքերը՝ գործածած է այնպիսի դեղեր եւ նիւթեր, որոնք պատճառած են տեսողական կորուստ: Այս բժիշկներէն մէկը Գոնիայի մէջ ըսած է իր թուրք գործակիցին. «Այս ձեւով մենք կ՛ընենք: Մենք պէտք է շաբաթը մէյ մը մէկ հայ կուրցնենք»: Այդպիսիները ոչ միայն չեն պատժուած, այլ բարձր գնահատանքի արժանացած են պետական ատեաններու կողմէ:
Հեղինակը չի մոռնար մէջբերելու հազուագիւտ խղճամիտ թուրք բժիշկներու անունները, որոնք վկայած են թուրք բժիշկներու մասնակցութիւնը հայ բժիշկներու սպաննութեան՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին, ինչպէս թուրք բժիշկներ Սելահէտտին եւ Հայտար Ճեմալ, որոնք նման անցուդարձերու մասին գրած են 1918ին՝ Պոլիս հրատարակուող թրքական թերթերու մէջ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած այս կամ նման տեղեկութիւններ միշտ մատչելի եղած են յետ-Ցեղասպանութեան հայ սերունդներուն համար, սակայն ինչ որ արժէքաւոր է այս 220 էջնոց գիրքին մէջ, անուններու ցանկերը, 128 պատկերները, կենսագրութինները, վիճակագրութիւնները, վաւերականութիւնն ու բերուած փաստերն են, որոնք կրնան բաւարարել ոչ միայն բծախնդիր ընթերցողը, այլ նաեւ խստապահանջ ուսումնասիրողն ու ճշմարտութիւն որոնող պատմաբանը:
Անհետ կորած բժշկական դասակարգի անուններու հաշուարկի կողքին, գիրքին մէջ տեղ գտած են անուններ՝ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու, որոնք բարեբախտաբար հրաշքով փրկուած են նախճիրէն: Վերապրողներէն յիշուած են 47 անուններ. անոնց մէջ կան հեղինակին ծնողները՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեանները, որոնց յիշատակին ալ ձօնուած է հատորը: Այս առիթով հեղինակը յայտարարեց, «Ես որպէս վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդ ու որպէս բժիշկ, պարտք զգացած եմ անդրադառնալ Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին, լուսարձակի տակ առնել անոնց զոհաբերութիւնը եւ արթնութեան հրաւիրել ներկայ բժշկական դասի բոլոր անդամները, մնալ պահանջատէր եւ գործել ի նպաստ արդարութեան:
Ահաւասիկ եւս մէկ պատճառ, որուն համար հեղինակը նախաձեռնած է այս արժէքաւոր գիրքի եւ կոթողային աղբիւրի պատրաստման:
Անհետ կորած բժշկական դասակարգի անուններու հաշուարկին կողքին, գիրքին մէջ տեղ գտած են անուններ՝ բժիշկներու, ատամ-նաբուժներու եւ դեղագործներու, որոնք բարեբախտաբար հրաշքով փրկուած են նախճիրէն: Վերապրողներէն յիշուած են 47 անուններ: Իր բժիշկի պարտականութեան գիտակից եւ զգօն զաւակը այդ փաղանգին՝ հեղինակը յայտարարեց «Ես որպէս վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդ ու որպէս բժիշկ, պարտք զգացած եմ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին, լուսարձակի տակ առնել անոնց զոհաբերութիւնը եւ արթնութեան հրաւիրել ներկայ բժշկական դասի բոլոր անդամները, մնալու պահանջատէր եւ գործել ի նպաստ արդարութեան»:
Հեղինակը հատորը ձօնած է Ցեղասպանութենէն վերապրած իր ծնողներուն՝ Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններու յիշատակին:
Իր գրախօսականին աւարտին, հեղինակը կոչ ըրաւ համայն հայութեան՝ տէր կանգնելու մեր արդար իրաւունքներուն եւ ազգի հաւաքական յիշողութեան մէջ վառ պահելու բժշկական դաշտին մէջ նահատակուած նուիրեալներու յիշատակը՝ մէջբերելով Ահարոնեանի խօսքը. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ կարդայ հային նախատինք:»
Երեկոն աւարտեցաւ «Երկնային Մեղեդի» մայր եւ դուստր Սօսէ եւ Սալբի զոյգին երաժշտական մատուցումներով, որոնք մէջընդմէջ կատարեցին օրուան խորհուրդին պատշաճ մեղեդիներ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ