«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս շաբաթավերջին, Լոս Անճելըս պիտի այցելեն Հայաստանի նոր իշխանութեանց ներկայացացուցիչներ:
Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց Ուրբաթ, 29 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Հայաստանի մշակութային յեղափոխութիւնը» նիւթին շուրջ: Քաղաքական յեղափոխութիւնը, որ բնորոշուեցաւ իբրեւ «թաւշեայ», վստահաբա՛ր կենցաղային յարաբերութեանց եւ արուեստի ստեղծագործութեանց վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ… առնուազն՝ որոշ ժամանակ մը անց: Յեղափոխութիւնը հասունացնող մշակութային ենթահոսանքները, որոնք պարզ դիտողներու համար տեսանելի չեն ըլլար, յաճախ հետաքրքրական կրնան ըլլալ յատկապէս այս հեռաւորութեան վրայ ապրողներուս, եթէ անշուշտ նախարարը այդ հոսանքներուն մասին պիտի խօսի: Յամենայնդէպս, երիտասա՛րդ նախարար է եւ, հաւանաբար, թարմ խօսք ու նոր մտածումներ պիտի ներկայացնէ մեզի: Իսկապէս կ՛արժէ իմանալ, թէ նոր նախարարը մշակոյթի բարդ ոլորտը նորովի կազմակերպելու մարտահրաւէրը ինչպէ՛ս պիտի դիմագրաւէ:
Պէտք է ըսել, որ նախկին մշակոյթի նախարարները, նոյնիսկ երկարակեացները, նման հրապարակային հանդիպումներ ունենալու տեսակէտէն ժլատ եղած են: Հանրութեան ներկայանալու նախարար Մակունցի նախաձեռնութիւնը ինքնին ողջունելի՛ է:
Նաեւ, այս շաբաթավերջին, Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն աշխատանքային հանդիպումները նպատակաուղղուած են գործարար շրջանակները խթանելու, որպէսզի Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարեն: Լոս Անճելըսի մէջ այս պատուիրակութեան այցելութիւնը նախապատրաստող շրջանակները իրենց կարելին կ՛ընեն արդիւնաւէտ հանդիպումներ կազմակերպելու համար: Նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, այսքա՛ն կարճ ժամանակ ետք այսօրինակ այցելութիւն նախաձեռնելը կը թելադրէ ա՛յն կարեւորութիւնը, որ կը տրուի նոր ներդրողներ Հայաստանով հրապուրելու ճիգին: Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք փոխվարչապետին:
barev dzez ,
http://www.arevelk.am/am/content/8/3063/%D5%86%D5%A1%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%A1%D6%80-%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6-%D4%B1%D5%B4%D5%AB%D6%80%D5%B5%D5%A1%D5%B6%D5%A8-%D4%B3%D5%AC%D5%A5%D5%B6%D5%A4%D5%A5%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%B4-%D5%A1%D5%B4%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%AF%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%B6%D5%B7%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80-%D5%A3%D5%B8%D6%80%D5%AE%D5%AB%D5%B9%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%AB-%D5%B3%D5%A1%D5%B7%D5%AB-%D5%A7-%D5%B0%D6%80%D5%A1%D5%BE%D5%AB%D6%80%D5%A5%D5%AC.-%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%A1%D6%80.html