ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Արեւու ճառագայթները կազմուած են տեսակաւոր շողարձակ ալիքաւոր ճառագայթներէ՝
- Տեսանելի ճառագայթներ, որոնց միջոցաւ կը տեսնենք մեր շրջապատը.
- Անտեսանելի ենթակարմիր (infrared) ճառագայթներ, որոնք տաքութիւն կը յառաջացնեն.
- Անդրմանիշակագոյն (UV) ճառագայթներ, որոնք երեք տեսակ են եւ երեքն ալ կը վնասեն մորթին: Անոնք կը կոչուին A, B, C ճառագայթներ:
– Անդրմանիշակագոյն A (UVA) ճառագայթներ, որոնք երկար ալիքաւոր ճառագայթներ են: Անոնք կը կազմեն երկրի մակերեսը հասնող բոլոր ճառագայթներուն 90 տոկոսը: Անոնք կ՛անցնին մթնոլորտի (atmosphere) եւ ամպերու մէջէն: Հասնելէ ետք մորթին մակերեսը անոնք կը թափանցեն մորթէն ներս: Անդրմանիշակագոյն A ճառագայթները կը յառաջացնեն մորթի կնճիռներ (wrinkles), մորթի ծերութիւն եւ մորթի քաղցկեղ:
– Անդրմանիշակագոյն B (UVB) ճառագայթներ, որոնք համեմատաբար կարճ ալիքաւոր ճառագայթներ են: Այս ճառագայթները կը կազմեն բոլոր ճառագայթներուն 10 տոկոսը: Անոնք 1000 անգամ աւելի ուժգին են քան UVA ճառագայթները մորթի այրուածք յառաջացնելու մէջ: Անդրմանիշակագոյն B Ճառագայթները, հասնելով մորթին եւ թափացելէ ետք՝ կը վնասեն մորթի բջիջներու կազմուածքին եւ անոնց կորիզային էական բաղադրիչին (DNA): Անոնք նաեւ կը գրգռեն մարմնի D կենսանիւթի արտադրութիւնը:
Անդրմանիշակագոյն B ճառագայթները կը յառաջացնեն մորթի քաղցկեղ եւ մորթի սեւայտուց, աչքի ակնաքօղ (cataract), մորթի այրուածք եւ մորթի վարակամերժութեան նուազում, որ պատճառ կը դառնայ մորթային բորբոքումներու:

Անդրմանիշակագոյն B ճառագայթներու շողարձակումը կախեալ է մթնոլորտի եռահիւլէ թթուածինի (Օ3, ozon) խտութենէն: Եռահիւլէ թթուածինի տկարացումով կամ նուազումով կը զարգանայ այս ճառագայթներու շողարձակումը: Մթնոլորտի եռահիւլէ թթուածինի շերտը պատնէշ մըն է արեւու անդրմանիշակագոյն B ճառագայթներուն դէմ: Գիտնականներ փաստած են, որ եռահիւլէ թթուածինի շերտը կը տկարանայ օդին մէջ գտնուող շատ մը ճարտարարուեստական- քիմիական նիւթերու արտադրութեամբ:
– Անդրմանիշակագոյն C (UVC) ճառագայթներ, որոնք շատ կարճ ալիքաւոր ճառագայթներ են, որոնց մեծ մասը կը ներծծուի մթնոլորտի վերին խաւին մէջ, իսկ շատ պզտիկ մէկ տոկոսը հասնելով մորթին՝ կը յառաջացնեն շատ ծանր բջիջային խանգարումներ: Այս ճառագայթները չեն կրնար թափանցել եռահիւլէի խաւը, ուստի մարդուն կը սպառնան հոն, ուր այդ խաւը վնասուած է, ու ծակ մը բացուած անոր մէջ:
Արեւու ճառագայթները, թափանցելէ ետք մորթին մէջ՝ կը յառաջացնեն մորթային հետեւեալ ախտաբանական փոփոխութիւնները եւ հիւանդութիւնները.
Ա. Մորթի ծերութիւն, որ կը յատկանշուի հետեւեալ երեւոյթներով՝
ա. Կնճիռներու յայտնաբերում դէմքին վրայ.
բ. Մորթի կարծրութիւն եւ կոշտութիւն.
գ. Մորթի հիւծում (atrophy).
դ. Վերնամորթի գերաճում-պնդացում (keratosis), որ կը յայտնուի կարմիր-վարդագոյն, կեղեւաւորուած եւ չորցած մորթի սպիացումներով.
ե. Կէտաւոր գերգունաւորում (hyperpigmentation).
զ. Մորթի նրբանօթներու (capillaries) լայնացում (telangiectasia):
Բ. Մորթի սրճագոյն կամ մութ-թուխ գունաւորում.
Վերնամորթին մէջ գտնուող մորթին գունաւորման բջիջները արագօրէն կ՛արտադրեն մեծ քանակութեամբ մելանին, որ մորթին կու տայ սրճագոյն կամ մութ-թուխ գունաւորում:
Գ. Մարմնի վարակամերժութեան խանգարում.
Մորթին մէջ գտնուող մարմինի վարակամերժութեան հետ կապ ունեցող յատուկ բջիջները կը վնասուին: Հետեւաբար, մարմինի վարակամերժութիւնը որոշ չափով կը խանգարուի եւ տեղի կ՛ունենան կարգ մը մորթային հիւանդութիւններ:
Դ. Լուսազգայնութիւն (photosensitivity).
Ե. Զանազան աստիճանի մորթի այրուածքներ.
Զ. Մորթի գերզգայնութիւն (allergy).
Է. Մորթային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, օրինակ՝
ա. Վերնամորթի ճաճանչական գերաճում-պնդացում (Actinic keratosis). անիկա սեւ, կարծր, կարմիր կամ սրճագոյն, տափակ եւ թեփոտ մորթի վէրք մըն է, որ կը նկատուի նախաքաղցկեղային վէրք (precancerous): Անիկա կը դարմանուի դեղերով՝ հեղուկ կամ օծան բորակածինով (nitrogen) կամ լազերային ճառագայթով: Չդարմանուելու պարագային անիկա կրնայ քաղցկեղի վերածուիլ։
բ. Վերնամորթի ճարպահոսական գերաճում-պնդացում (seborrheic keratosis).
Ասիկա մորթի գոյնով, բաց մոխրագոյն, իւղոտ կամ թեփոտ լաւորակ վէրք մըն է, որ յաճախ կը տեսնուի զանազան չափերով: Կը դարմանուի վիրաբուժական հատումով կամ հեղուկ բորակածինով։
գ. Ոսպաբիծ (lentigo). ասիկա տափակ, բաց սրճագոյն լաւորակ, սակայն տգեղ վէրք մըն է, որ կրնայ քաղցկեղի վերածուիլ։
դ. Մորթի սեւաբիծ (melasma). ասիկա կը զարգանայ յղի կիներու դէմքին վրայ: Մորթի սեւաբիծը կրնայ զարգանալ նաեւ ոչ-յղի կիներու մօտ, որոնք հակայղութեան դեղեր կը գործածեն: Անիկա անվտանգ վէրք մըն է եւ կ՛անյայտանայ յղութենէն ետք եւ հակայղութեան դեղերու կասեցումով:
ե. Խալի եւ պիծակի քաղցկեղի փոփոխութիւն։
զ. Սեւայտուց։
է. Մորթային քաղցկեղ։
(Շար. 2 եւ վերջ)