ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ապառաժ».- 18 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերտեան բաց հանդիպում-զրոյց ունեցաւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ գործունեայ երիտասարդներու հետ:
Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական տրամաթիկական թատրոնի ճեմասրահին մէջ ծաւալեցաւ բաց եւ անմիջական քննարկում՝ երիտասարդական դաշտի աշխուժացման ուղիներուն շուրջ:
Նախարարը երիտասարդներուն հետ քննարկեց քաղաքացիական իրաւագիտակցութեան բարձրացման, երիտասարդներու ժամանցի ապահովման, յառաջացած հարցերու միահամուռ ջանքերով լուծելուն առնչուող եւ այլ հարցեր: