Օ, ներեցէք, ընկերներ,
Որ վերստին պիտի մեկնիմ
ձեր աշխարհէն
Իմ աշխարհի տէրերն անտէր
Կը ստիպեն որ աճապարեմ:
Պ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ, Երեքշաբթի, 12 Յունիսին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանի (1954-1987) նուիրուած «Հրաժեշտից Յետոյ» խորագիրով գրական-երաժշտական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին գրողներ, գրականագէտներ, մտաւորականներ, բանաստեղծի ընտանիքի անդամներն ու ընկերները:
Միջոցառման ընթացքին Պետիկ Հերկելեան բանաստեղծին մասին խօսքեր արտասանեցին Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան եւ գրականագէտ Ալիկ Թօփչեան: Վերջինս անդրադարձաւ վաղամեռիկ բանաստեղծին ծաւալած գրական գործունէութեան՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հերկելեանի «Եուհու» քաղաքական-երգիծական վիպակին:
Իր խօսքին մէջ Ալիկ Թօփչեան կարեւոր նկատեց այն, որ այս ձեռնարկով Սփիւռքի մէջ մեծ համբաւ ունեցող գրողը ճանաչելի կը դառնայ նաեւ հայաստանեան գրական միջավայրին մէջ:
Գրականագէտը խօսեցաւ նաեւ Պետիկ Հերկելեանի լիակատար ժողովածուի տպագրութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Ձեռնարկին ընթացքին լիբանանահայ բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն ընթերցեցին դերասանուհիներ Անահիտ Թօփչեան եւ Յասմիկ Տէր Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ Աննա Սարաջեան, ապա տեղի ունեցաւ «Հրաժեշտից Յետոյ» կենսագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած Պետիկ Հերկելեանին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում: Ելոյթ ունեցան ու իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Պետիկ Հերկելեանի ընկերները: