
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեան
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Շաբաթ, 16 Յունիսին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Երեւանի Աւետիսեան վարժարանի շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութիւնն էր, որուն ընթացքին վարժարանը բարի երթ մաղթեց դէպի նոր կեանք ընթացող 12րդ դասարանը աւարտողներու իր երկրորդ հունձքին:
Աւարտական այս հանդիսութիւնը մեծ իրադարձութիւն է Աւետիսեան վարժարանի կեանքին մէջ: Ամէն տարի այս հանդիսութեան իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն դպրոցի բարերարները՝ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեանները, վարժարանի աջակիցներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգաբարձութեան անդամներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն ժամանած շարք մը հիւրեր:
Այս տարի պատուոյ հիւրերու շարքին կը գտնուէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նորանշանակ նախարար Արայիկ Հարութիւնեան, փոխնախարար Յովհաննէս Յովհաննիսրան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Աննա Ստեփանեան:
Հանդիսութեան բանախօսն էր հանրածանօթ պատմաբան Թաներ Աքչամ, որ առաջին թուրք մտաւորականներէն եղած է, որ ճանչցած եւ բացայայտօրէն քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աքչամ իր ողջոյնի խօսքով աշակերտներուն յորդորեց ըլլալ համարձակ ու նորարար, ունենալ սեփական տեսակէտ, հարկ եղած պարագային պաշտպանել զանոնք եւ պայքարիլ իրենց դիմագրաւած անարդարութիւններուն դէմ:

Շրջանաւարտները շնորհաւորեցին եւ անոնց բարի երթ մաղթեցին նաեւ բարերարներ Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեանները, Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան եւ դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեան:
Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով ստացան իրենց աւարտական վկայականները:
Շնորհաւորութիւններ աւարտականներուն՝ մաղթելով, որ հանդիսութեան հնչած բոլոր բարեմաղթութիւնները կ՛իրականան եւ Աւետիսեան դպրոցը բազմաթիւ առիթներ կ՛ունենայ իր շրջանաւարտներով հպարտանալու:
(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)