Չորրորդ տարին ըլլալով, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 18 Յունիսին, «Աղբալեան» ամառնային ճամբարը բացաւ իր դռները՝ ընդունելու համար 5-14 տարեկան մանուկներն ու պատանիները, որոնք ութը շաբթուան ընթացքին առիթ պիտի ունենան իրարու ծանօթանալու, ընկերական մտերիմ կապեր ստեղծելու եւ մասնակցելու ճամբարի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս՝ թատրերգութիւն, հայկական պար, պասքեթպոլ, ֆութպոլ, ձեռային աշխատանքներ, համեղ ուտելիքներու պատրաստութեան դասընթացքներ, հայոց լեզու, անգլերէն մանկական գիտութեան եւ թուաբանութեան դասեր եւ այլն:
Ճամբարը պիտի աւարտի 10 Օգոստոսին: Հասցէ՝ 75 E. Santa Anita Ave. Burbank, CA 91502:
Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կրնաք գրել
bycdaycamp@gmail.com ե-նամակով եւ կամ հեռաձայնել (818) 861-6409 թիւին:
«ԱՂԲԱԼԵԱՆ»
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ