ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Ամերիկացի գնդապետ Շան Ռայըն 20 Յունիսին անդրադարձաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մասամբ քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Մընպեճ քաղաքին մատոյցներուն մօտեցած Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մասին:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ թուրք զինուորները քաղաքէն ներս պիտի մտնե՞ն եւ կամ այդ մասին համաձայնութիւն մը գոյացա՞ծ է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ՝ ամերիկացի զօրավարը նշեց. «Առայժմ վերջնական որոշում չկայ, բայց նախնական տուեալներով՝ մեզի ըսած են, թէ Մընպեճ պիտի չմտնեն»:
Ռայըն խուսափած է պատասխանելէ այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական համարուող Սուրիոյ քրտական ուժերը սկսա՞ծ են դուրս գալու Մընպեճէն:
«Պատերազմի ընթացքին կարելի չէ 100 տոկոսանի երաշխիքներ ապահովել: Ձեզի կրնամ ըսել միայն հետեւեալը. այս պահուն մեր նպատակն է պահպանել Մընպեճի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները պնդեցին, որ իրենք մուտք պիտի գործեն Մընպեճ՝ աւելցնելով, որ ամերիկացիները համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ քիւրտ զինեալները դուրս գան քաղաքէն եւ նոյնիսկ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու համար վերջիններուս տրամադրուած զինամթերքը ետ պիտի վերցուի անոնցմէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Մընպեճի մէջ գործողութիւններու սկիզբը թրքական դիւանագիտութեան վերջին յաղթանակներէն է, աւելցնելով, որ «ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու համար» գործողութիւնը Մընպեճով պիտի չսահմանափակուի, եւ անկէ ետք «կարգը նաեւ միւս վայրերուն պիտի գայ»։
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց թրքական եւ ամերիկեան ուժերու Մընպեճ քաղաքի մերձակայք ներթափանցումը՝ զայն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ թրքական եւ ամերիկեան նոր յարձակում մը: Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու թրքական եւ ամերիկեան վարմունքը, զայն նկատելով ՄԱԿի սկզբունքներուն ու նպատակին բացայայտ ոտնահարում մը: