ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար, նախագահ Էրտողանի փեսայ՝ Պերաթ Ալպայրաք, կանխահաս նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին յայտարարեց, որ եթէ ընտրութիւններուն ընթացքին քաղաքացիները դիմեն «արկածախնդրութեան», այսինքն իշխող կուսակցութեան ի նպաստ չքուէարկեն, ապա Թուրքիա պիտի վերածուի «երկրորդ Իրաքի ու Սուրիոյ»: «Անոնք, որոնք արկածախնդրութիւն կը փնտռեն, կ՛առաջարկեմ նայիլ երկրին հարաւային սահմանին՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ, ուր վերջին 15 տարիներուն 2 միլիոն քաղաքացի մահացած է», ըսաւ Ալպայրաք:
Ընդդիմադիր լրատուամիջոցները Էրտողանի փեսային այս յայտարարութիւնը որակեցին իբրեւ «յստակ սպառնալիք»՝ ընտրողներուն:
Փեսայէն ետ չմնալով՝ Էրտողան ժողովուրդին կոչ ուղղեց «դաս տալու» Արեւմուտքին՝ 24 Յունիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընթացքին, աջակցելով իշխող կուսակցութեան եւ անոր դաշնակիցներուն: «Արեւմուտքը անհամբեր կը սպասէ 24 Յունիսի ընտրութեանց։ Անոնք ի՞նչ կ՛ուզեն տեսնել. Էրտողանի պարտութիւնը: Դուք պատրա՞ստ էք անոնց դաս տալու: Ես կը հաւատամ, որ դուք անոնց դաս պիտի տաք», ըսաւ ան: