ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ ամիս, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ մեկնարկած բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին մետալը Հայաստանի համար նուաճեց Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի որդին՝ Նուէր Ծառուկեան:
Ծառուկեանի որդին կ՛ուսանի անվճար եւ օրէնքով սահմանուած կարգով մինչեւ 2021 կրնայ օգտուիլ բանակին մէջ ծառայելու պարտաւորութենէն ժամանակաւորապէս ազատուելու իրաւունքէն:
Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ խօսնակ Իվետա Տօնոյեան յայտարարեց, որ Գագիկ Ծառուկեան անձամբ դիմած է կառավարութեան՝ բանակի ծառայութենէն ժամանակաւորապէս ազատուելու վերաբերեալ միջնորդութեան ցուցակէն իր զաւակին անունը հանելու կոչով: