ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու խորացման առնչուող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեց երկկողմ քաղաքական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ անհրաժեշտ նկատեց ընդլայնել կապերը տնտեսութեան մարզին մէջ:
«Երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան լաւ հեռանկարներ կը տեսնենք եւ վստահ ենք, որ միացեալ ջանքերով կրնանք հասնիլ լաւ արդիւնքներու», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ լիբանանցի ներդրողները կրնան գործունէութիւն ծաւալել նաեւ մեր երկրի երեք ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ, ուր ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան տագնապին հարցով ցուցաբերած դիրքորոշումներուն համար:
Դեսպան Տաղեր ընդգծեց Լիբանանի հայ համայնքի կարեւոր դերը երկրի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ ու վստահութիւն յայտնեց, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ աշխոյժ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու խորացման ու ընդլայնման: Դեսպանը տեղեկացուց, որ կը նախապատրաստուի լիբանանցի գործարարներու պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ նշեց, որ աշնան Հայաստան պիտի գտնուի նաեւ Լիբանանի նախագահը՝ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր: