ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յաջողութեամբ ընթացքի մէջ են Երեւանի մէջ չինական դպրոցի կառուցման աշխատանքները, իսկ աշնան, շուրջ 200 շտապ օգնութեան նոր ինքնաշարժներ պիտի յատկացուին Հայաստանին: Ուրբաթ, 15 Յունիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունին:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այդ հարցին գծով ունի մեծ սպասելիքներ ու ակնկալիքներ:
Թիան Էրլու, իր հերթին նշեց, որ Չինաստան պատրաստ է ջանքեր գործադրելու՝ ընդլայնելու, խորացնելու եւ նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ՝ քաղաքական եւ տնտեսական: Դեսպանը աւելուց, որ եւրասիական տարածաշրջանին միանալու գործընթացները լաւ հնարաւորութիւններ կու տան խթանելու տնտեսական փոխգործակցութիւնը եւ նշեց, որ այդ նպատակով անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները:
Դեսպանը տեղեկացուց, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին արդէն իսկ երկու երկիրներուն միջեւ արձանագրուած է առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու 41 տոկոսի աճ եւ հեռանկարային համարեց կապերու զարգացումը արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս: