ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի մէջ, 15 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայոց խորհրդարանի հիմնադրման 100ամեակի միջոցառումները համակարգող աշխատանքային խումբի անդրանիկ նիստը՝ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի ղեկավարութեամբ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան իրականացուելիք միջոցառումներու կազմակերպման ու իրականացման առնչուող հարցեր եւ յառաջիկայ ծրագիրերուն ու գործողութիւններու ժամանակացոյցը: