Ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» (The Washington Post) օրաթերթի լրագրող Տէյվիտ Իկնէյշըս, որ ժամանած էր Հայաստան՝ մասնակցելու «Օրորա» ամէնամեայ մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութեան, Հայաստանի մէջ նախորդ ամիսներուն տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացներուն վերաբերեալ յօդուած հրապարակ է՝ արձանագրելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են ժողովրդավարական բարեփոխումներ:
«Եթէ դուք լաւ լուրեր կը սպասէք հեռու հեռաւոր երկրէն, ահա Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութեան» պատմութիւնը». այս խօսքերով կը սկսի յօդուածը ամերիկեան թերթի յայտնի լրագրողը: Ան կը նշէ, որ ներկայիս երկրին մէջ իշխանութեան գլխուն է երիտասարդ բարեփոխիչներու խումբ մը՝ նկատելով, որ ատիկա կարեւոր սկիզբ կրնայ ըլլալ՝ ընդդէմ ամբողջ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող այն միտումին, թէ ազատութեան ու լաւ կառավարման ցուցանիշները անկում կ՛ապրին:
«Այստեղ, հիմա, կարծես տօնական մթնոլորտ է, որովհետեւ հայերը կը վայելեն նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ «սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութիւն» որակուած դէպքերուն արդիւնքները: Փողոցներուն մէջ կը նուագեն նուագախումբեր, մարդիկ հանրային վայրերու մէջ շատ հանգիստ կերպով կ՛ողջունեն Փաշինեանը, եւ կը թուի, թէ յետ-խորհրդային մշուշը մաքրուած է», կը նշէ Իկնէյշըս:
Ան կը պատմէ, թէ 8 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ: Խօսելով յեղափոխութեան յաջորդող քայլերուն մասին՝ Փաշինեան Իկնէյշըսին ըսած է, որ իր առաջնահերթ նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ վերջ տալ կաշառակերութեան: «Ես չեմ պատրաստուիր հրամաններ տալ դատաւորներուն, սակայն մենք պիտի փորձենք յստակացնել ու պատասխանատուութեան ենթարկել կաշառակեր անձերը», ըսած է Հայաստանի վարչապետը: Լրագրողը կը նշէ, որ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու նպատակով՝ վարչապետին անհրաժեշտ է շահագործել նոր, աւելի փոքր ընկերութիւնները, եւ հաւանաբար այդ մէկը կարելի ըլլայ ազգային ներդրումային դրամատան միջոցով:
«Անցեալի ծանրացած դաշտը կոտրելը Փաշինեանէն պիտի խլէ իր ամբողջ իտէալիզմն ու ուժը: Ան ինծի ըսաւ, որ շատ հաւանական է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնէ Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին», կը գրէ Իկնէյշըս:
Ան կը նշէ, որ Հայաստան այն հարցն է, որուն պարագային ինք չի կրնար չէզոք դիրքի վրայ մնալ՝ նկատի ունենալով, որ իր հօր ընտանիքը հայկական արմատներ ունի: Պատմելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան մասին՝ Իկնէյշըս կը նկատէ, որ Հայաստան թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ յետ-խորհրդային ոչ-հեռու անցեալին ունեցած է շատ վատ պահեր: «Հաճելի էր փոփոխութիւններու տրամաթիք պահէն ետք Երեւանը տեսնել իբրեւ ժպիտներու քաղաք», կ՛եզրափակէ ան: