Հայաստանով ու աշխարհով մէկ, ՀՄԸՄը կը տօնէ իր հիմնադրութեան պանծալի 100ամեակը՝ իր տուրքը մատուցանելով մեր ազգի փառապանծ անկախութեան 100րդ տարեդարձին:
Աշխարհի չորս կողմերուն տարածուած իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի զոյգ տօնն է եւ հպարտութիւնը միաժամանակ:
Ահա այս նշանակալից թուականին զուգադիպեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի Յունաստանի շրջանի 95 տարիներու պատմութեան արժանավայել միաւորումը իր յարմարագոյն տեղը՝ արդի գրասենեակ-թանգարանին մը մէջ, Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող յատուկ սրահի մը մէջ: Սոյն սրահը տրամադրուեցաւ սիրայօժար կերպով շրջանի Թաղային խորհուրդին կողմէ եւ արդէն սկսած է գործելու:
Ի՞նչ կը պարունակէ այդ թանգարան-գրասենեակը: Հոն տեղ գտած են ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ, նամակներ, ժողովներու արձանագրութիւններ, յուշատախտակներ, վաստակաւոր ՀՄԸՄականներու նկարներ, կանոնագիրներ, բանակումներու արխիւներ, ձեռնարկներ, յայտագիրներ, համագումարներ, մարզախաղներ: Պարզ խօսքով՝ ՀՄԸՄի Յունաստանի շրջանի ամբողջ պատմութիւնը:
Պատմութիւն մը՝ որ տրամադրելի է բոլորին, անոնց, որոնք կ՛ուզեն բան մը աւելի իմանալ մեր միութեան անցեալին մասին, անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն ուսումնասիրել մեր պատմութիւնը, անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն հպարտանալ ՀՄԸՄի Յունաստանի շրջանի փառաւոր պատմութեամբ:
Այս հաւաքածոն կը պարտինք ՀՄԸՄի նուիրեալ անդամ եւ միութեանս պատուոյ նախագահ հանգուցեալ Կարպիս Գույումճեանին, որ բծախնդիր եւ հետեւողական կերպով, երկար տարիներու ընթացքին հաւաքեց եւ դասաւորեց պատմական բոլոր արխիւները, տարբեր տարեշրջաններու եւ հատուածներու դասաւորումը ըրաւ ու ամբողջացած կերպով պահեց մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը՝ այն թաքուն երազանքով, որ օր մը իր յաջորդները պիտի իրականացնեն մէկ տեղ հաւաքելու երազը եւ պարտականութիւնը:
ՀՄԸՄի թանգարան-գրասենեակի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Մայիսի առաւօտուն: Նախ, Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ անդարձ մեկնած միութեան անդամներու հոգիներուն համար: Պատրաստուած սգաբեմին վրայ տեղ գտած էին ՀՄԸՄի դրօշը եւ վաստակաւոր սկաուտի մը գլխարկը: Իսկ Քոքինիոյ եւ Ֆիքսի սկաուտները պատուոյ ջոկատ մը կազմած էին եկեղեցւոյ մէջ: Նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր ոգեշունչ քարոզին մէջ վեր առաւ ՀՄԸՄի դերակատարութիւնը հայութեան համար ու իր յարգանքի տուրքը մատուցեց վաստակաւոր բոլոր անդամներուն, որոնք գործեցին ու անցան:
Այնուհետեւ, համախմբուած ժողովուրդը, ՀՄԸՄի անդամները, վարչականները, երէց եղբայրները եւ սկաուտները ուղղուեցան դէպի սրահը, ուր սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը: Հոն էին նաեւ մեր վաստակաւոր անդամներու՝ Պետրոս եւ Լեւոն Գայեաններու, Կարպիս Գույումճեանի, Գրիգոր եւ Պերճ Գզիրեաններու եւ այլոց հարազատները:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սերգօ Աղապատեան, որ ընդգծեց այս նախաձեռնութեան նշանակութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ Ազգային վարչութեան ատեննապետ եւ ՀՄԸՄական Պօղոս Չոլաքեան: Ապա սրբազան հայրը եւ Արշաւիր Գույումճեան կտրեցին ժապաւէնը եւ բացին Կարպիս Գույումճեանի պատկերը, որուն անունով այլեւս կը կոչուի սրահը: Կարդացուեցաւ նաեւ անցեալի Շրջանային վարչութեան յատուկ որոշումը, որով սրահը պիտի ստանար հանգուցեալ Կարպիս Գույումճեանի անունը:
Բացման աւարտին, սրբազանը հայրը անգամ մը եւս իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց Գույումճեան ընտանիքի անդամները, որոնք ՀՄԸՄին տրամադրեցին իրենց հօր պատրաստած արխիւները: Սրբազանը նշեց, թէ նման հարուստ հաւաքածոներ իրենց արժէքը կը ստանան, երբ բոլորը կ՛արժեւորեն այդ պատմութիւնը, կը սերտեն եւ կ՛ուսումնասիրեն իրենց անցեալը եւ ապագային համար նոր ծրագրումներ կը մշակեն: Ան կոչ ուղղեց ՀՄԸՄի բոլոր վարչականներուն՝ միութեան 100ամեայ պատմութեան ճամբէն քալելու եւ նոր նուաճումներով սատարելու անոր ազգանուէր գործին: Սրբազան հայրը եւ բոլոր խօսողները, յատուկ արտայայտութիւններով, իրենց գնահատանքը յայտնեցին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, որ սիրայօժար կերպով սատարեց ՀՄԸՄի գրասենեակի տրամադրումին:
Պէտք է նշենք, թէ ՀՄԸՄի սկաուտները օրեր առաջ պատրաստած էին յատուկ ձեռային աշխատանք եւ կանգնեցուցած էին փառաւոր դարպաս մը եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Ելոյթին յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին եղան մտերմիկ զրոյցներ եւ շնորհաւորանքներ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, որ կրցաւ իրագործել իր պատմութիւնը մարմնաւորող այս կարեւոր նուաճումը:
ՀՄԸՄ-Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ