ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ յատուկ տեղ գրաւած է ուսումնատենչութիւնը։ Այս մէկը բնականաբար կ՛ենթադրէ մեծ զոհողութիւն, աշխատանք, նուիրում եւ մտահոգութիւն, սակայն այդ բոլորը կը վերանան, երբ աւարտական հանդիսութիւններով կը տօնենք հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին ուսումնական զանազան հանգրուաններու իրագործումնները՝ միշտ ունենալով փայլուն եւ յաջող ապագայի մը տեսլականը:
Ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը նաեւ կ՛երթայ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն, որոնք իրենց բիւր նուիրումին կողքին, ամէն տարի կը կազմակերպեն ամավերջի հանդիսութիւնները եւ իրենց հոգատարութեան յանձնուած փոքրերը պատրաստուած կը վերադարձնեն ծնողներուն, գոհունակութեամբ եւ յուզումով:
Առ այդ, արդարացի էր, որ Հայ քոյրերու ընտանիքը մեծ թափով պատրաստուէր իր ուսումնական երեք հանգրուաններու շրջանաւարտներուն՝ պատշաճ հանդիսութիւններով վկայականներ ու մրցանակներ տալով եւ տարին աւարտելով:
Մայիս 31ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նախամանկապարտէզի հանդէսը։ 3-4 տարեկան մանուկները գեղեցկօրէն եւ ապրումով կը պարէին՝ Հայաստանի գովքը հիւսելով։ Անոնք առաջին անգամ բեմ կը բարձրանային, իրենց անմեղ ժպիտով եւ ինքնաբուխ շարժումներով առինքնելով ծնողները, միաժամանակ զարմացնելով զանոնք:
Յունիս 7ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդիսութիւնը վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Կաթողիկէ Հայոց Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, առաքինազարդ քոյրերուն, ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնք ժամանակէն շատ առաջ գրաւած էին իրենց տեղերը:
Աւարտական դասարանի աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը իրենց սորված երկլեզու երգերէն, արտասանութիւններէն, աղօթքներէն եւ պարեցին հայկական յաղթական «Եարխուշտա»ն՝ զայն նուիրելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին:
Հանդէսին խօսք առին մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնա Գազանճեան՝ ներկայացնելով մանկապարտէզի աշակերտներուն նուաճումները ու ուսումնական ծրագիրները եւ հաստատելով, որ այսօրուան վկայեալները արդէն պատրաստ են փոխանցուելու նախակրթարանի առաջին դասարան: Նաեւ, Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիան շնորհաւորեց ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն ու մանկապարտէզի անձնակազմին, որոնք մեծ համբերութեամբ եւ ուշադրութեամբ հունձք մը եւս յաջողութեամբ հասցուցին նախակրթարան:
Այսպիսով, աշակերտները ուրախութեամբ ստացան իրենց վկայականները եւ հրաժեշտ տալով անհոգ մանկութեան՝ փոխանցուեցան նախակրթարան:
Մանուկներու ուրախութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ խրախճանքը շաունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ:
Նախակրթարանի աշակերտները իրենց շրջանը աւարտելով պիտի փոխանցուին միջնակարգ, բայց պիտի մնան վարժարանէն ներս. անոնք ստացան իրենց փոխանցման գիրերը եւ հատելով կարկանդակը՝ անուշութեամբ փակեցին հինգերորդ դասարանի դռները՝ աւելի պատասխանատու շրջան մը անցնելով:
Միջնակարգի հանդիսութիւնը աւելի մեծ տարողութիւն եւ իմաստ ունի վարժարանին համար։ Շրջանաւարտները իրենց վկայականները առած կը մեկնին զանազան երկրորդական վարժարաններ, շարունակելու իրենց ուսումնական երթը եւ նուաճելու նոր երկնակամարներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Յունիս 3ի առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երբ աւարտականի աշակերտները իրենց վկայականի տարազներով մասնակցեցան Ս. պատարագին եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին զիրենք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ առաջնորդող եկեղեցւոյ կրօնական պետերուն, քոյրերուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Պատարագը կը հովանաւորէր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, իսկ պատարագիչն էր՝ հայր Բարսեղ Պաղտասարեան, որ իր քարոզով յորդորեց աշակերտները եւ ծնողները միշտ ներկայ գտնուիլ եկեղեցական պատարագներուն, առաջնորդուելու Աստուծոյ խօսքով եւ փայլք տալու եկեղեցւոյ, «ինչպէս որ այսօր շրջանաւարտներու ներկայութեամբ եկեղեցին առաւել փայլքով պայծառացած է»: Պատարագին յաջորդեց վարժարանիս մայրապետներուն կողմէ մատուցուած պատշաճ հիւրասիրութեամբ:
Վկայականաց բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 10ի կէսօրէն ետք, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, առաքինազարդ քոյրեր, հիւրեր, վարժարանի բարերարներ, տնօրէնութիւն, անձնակազմ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, Տէրունական աղօթքի եւ զոյգ քայլերգներու մեկնաբանութեամբ սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը, ապա շարունակուեցաւ պաշտօնական խօսքերով՝ անգլերէն եւ հայերէն, ներկայացուած՝ տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի, դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի եւ Էտմոնտ Համբարձումեանի կողմէ։
Աշակերտներուն կողմէ ուղերձի խօսք արտասանեցին Ալեն Քարազեան (հայերէն) եւ Նանօր Քէչէճեան (անգլերէն), իսկ աշակերտական խորհուրդի խօսքը եւ գործունէութիւնը փոխանցեց Ալիք Ճիվէլէկեան: Օրուան հիւր պատգամաբերն էր վարժարանիս 2006ի շրջանաւարտներէն Ալիք Շէրիքեան, որ այս տարի ստացաւ իր մագիստրոսի վկայականը՝ համաշխարհային հարցերու եւ անդրազգային ապահովութեան ճիւղին մէջ՝ Նիւ Եորքի համալսարանէն։ Ան դրուատեց Հայ Քոյրերու վարժարանէն ստացած իր հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որուն շնորհիւ այսօր հասած է իր բարձրագոյն ուսման։ Ան նաեւ քաջալերեց աշակերտները անվախօրէն շարունակելու իրենց ուսումը:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երկլեզու ոտանաւորներով, նուագներով եւ խմբերգներով, որուն դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան:
Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտները իրենց վկայականները, նուէրները եւ գնահատագիրները ստանձնելէ ետք, երբ տնօրէնուհին կը կոչէր աւարտողները՝ «2018ի շրջանաւարտներ», ներկաներու ծափողջիւններուն տակ աշակերտները մէկ կողմ նետելով իրենց գլխարկները՝ հեռացան սրահէն, մինչ «Վերջին Զանգը» երգի երաժշտութեան արձագանգը կը յամենար:
Այսպիսով, Յունիս 10ի երեկոյեան վարժարանը իր 22րդ հունձքը յաջողութեամբ յանձնեց իրենց ծնողներուն՝ մաղթելով անոնց յարատեւ յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ:
Երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր՝ խրախճանքով, որուն հրաւիրուեցան եւ մասնակցեցան վարժարանիս նախանցեալ տարիներու շրջանաւարտներէն ոմանք, որոնք իրենց նուաճած յաջողութիւններով ուղեցոյց պիտի հանդիսանան նոր շրջանաւարտներուն:
Յաջողութի՛ւն շրջանաւարտներ, կը շնորհաւորենք ձեզ եւ ձեր ծնողները. կը մաղթենք բարի երթ ձեր ապագայ ուսումնական կեանքին մէջ:
Շնորհակալութի՛ւն բոլոր նուիրատուներուն, ուսուցիչներուն, որոնք համբերութեամբ եւ հոգատարութեամբ իրականութիւն դարձուցին աւարտական զոյգ հանդիսութիւնները։