ԱՍՊԵՏ Պ.
Հայոց Բանակի Զինուորներու ապահովութեան հիմնադրամը որոշ նորարարութիւններ կատարած է իր հանգանակային ծրագիրներուն մէջ:
Նախ՝ այցելենք www.1000plus.am կայքէջը, ուր կրնանք գտնել այս հիմնադրամին մասին բոլոր տեղեկութիւնները, հաշուետուութիւնը եւ ծրագիրները:
Յատկանշական է, որ կայքէջը կը բացուի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի ուղերձով: Էջը թարմացնելու թերութեան արդիւնք չէ ասիկա, որովհետեւ Սարգսեան ստորագրած է իբրեւ «պաշտօնաթող» նախարար: Ի վերջոյ, այս ծրագիրի հեղինակն է Վիգէն Սարգսեանը, եւ արդա՛ր է, որ ան շարունակէ այս ծրագիրին հետ իր առնչութիւնը՝ կարեւոր տարողութեամբ։
Հիմնադրամը, ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի աշխատող քաղաքացիներուն ամսական հազարական դրամ վճարումներէն (ինչ որ պարտադրուած է օրէնքով) եւ այլ նուիրատուութիւններէ գոյացուցած է 9 միլիառ դրամ, որմէ ցարդ կատարած է կէս միլիառ դրամի յատկացումներ՝ նահատակ կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի վերջին նիստին (Հինգշաբթի, 14 Յունիսին) որոշուեցաւ, որ եթէ զինուորը հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հաշմանդամ դարձած է, ապա նախքան իրաւական ընթացակարգով հաշմանդամութեան կարգը որոշելն ու հատուցում տրամադրելը՝ իւրաքանչիւր ամիս կը ստանայ 100,000 դրամ՝ որոշ ծախսեր հոգալու համար:
Հանգանակային ծրագիրներու գծով որոշուած է աւելցնել երկու նոր անուանակարգեր՝ «Ի յիշատակ եւ «Ի պատիւ» խորագիրներով: Բացատրութիւնները կու տանք ստորեւ.
«Կատարել նուիրաբերութիւն «Զինծառայողների ապահովագրութեան» հիմնադրամին՝ «Ի յիշատակ» որեւէ անձի, նշանակում է՝ յարգել թանկագին անձի յիշատակը եւ ձեր յարգանքի տուրքը մատուցել վերջինիս ընտանիքի անդամներին՝ միեւնոյն ժամանակ իրականացնելով բարի գործ, որը յետագայում կ՛օժանդակի հաշմանդամ զինծառայողներին եւ զոհուած զինծառայողների ընտանիքներին: Երբ կատարէք նուիրաբերութիւնը, Հիմնադրամը Ձեր կողմից նշուած հասցէատիրոջը կ՛ուղարկի նուիրաբերութեան հաւաստագիր՝ վերջինիս Ձեր բարի գործի մասին տեղեկացնելու նպատակով:
«Ի պատիւ» նուիրաբերութիւնը լաւագոյն միջոցն է նշելու որեւէ նշանակալի առիթ, ինչպիսին է՝ ծննդեան տարեդարձը, ամուսնութիւնը, երեխայի ծնունդը, աւարտական հանդէսը, կամ ուղղակի ցոյց տալու Ձեր դրական զգացմունքները որեւէ իրողութեան կամ անձի նկատմամբ: «Ի պատիւ» նուիրաբերութիւն կատարելիս, Դուք հաճելի նուէր էք մատուցում հասցէատիրոջը եւ միեւնոյն ժամանակ օժանդակում էք վիրաւոր զինծառայողներին ու զոհուած զինծառայողների ընտանիքներին: Երբ կատարէք նուիրաբերութիւնը, մենք Ձեր կողմից նշուած հասցէատիրոջը կ՛ուղարկենք նուիրաբերութեան հաւաստագիր՝ վերջինիս Ձեր բարի գործի մասին տեղեկացնելու նպատակով»:
Հոգաբարձուներու խորհուրդի այս վերջին նիստին քննարկուած են նաեւ 2018ի աշխատանքներուն ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է «Հիմնադրամի դեսպաններ» նախագիծի ընթացքին մասին, ըստ որուն՝ կ՛առաջարկուի արտերկրի մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող քաղաքներուն մէջ ունենալ սոյն Հիմնադրամի աշխատանքներուն ներգրաւուած անձեր, որոնք պիտի աշխատին Սփիւռքի կառոյցներուն հետ՝ առաւել մանրամասն ներկայացնելով հիմնադրամին գործունէութիւնը:
Կ՛ողջունենք այս «սփիւռքեան կառոյցներու հետ» բանաձեւումը, զոր կը գտնենք խի՛ստ կառուցողական: Գիտակից ենք, որ ցարդ Սփիւռքէն համեմատաբար շատ քիչ նուիրատուութիւններ կատարուած են այս կարեւոր հիմնադրամին: Կը գնահատենք նաեւ հոգաբարձուներուն ճիգը՝ նոր անուանակարգերու՝ «Ի Յիշատակ» ու «Ի Պատիւ» նուիրատուութեանց ձեւի որդեգրումով թափ տալու Սփիւռքի մէջ հանգանակութեանց եւ, վերջապէս, կը յայտարարենք, որ ո՛վ կրնայ հպարտ ու պատուըւած չզգալ՝ դառնալով «Հիմնադրամի դեսպան»: