ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ գրող եւ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան: Բանաստեղծը «Արմռադիօ»ի թղթակիցին յայտնեց, որ ոգեւորուած է Հայաստանի նոր սերունդով: Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին, ան իր ծննդեան օրը նշեց Վանաձորի մէջ ու հիացաւ Լոռիի բնութեամբ ու մարդոցմով:
«Ծննդեանս օրը երէկ նշել եմ Վանաձորում, յետոյ գնացինք Հաղպատ: Մարդիկ այնքան ջերմ էին ինձ ընդունում, բոլորը տորթ էին առաջարկում: Տարեդարձս երկու տորթով ենք նշել, սա իմ լաւագոյն ծննդեան օրն էր», «Ռադիօլուր»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին խոստովանեցաւ ամերիկահայ գրողը
Յիշեցնենք, որ «Օզոնի Հանդէս» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար, 2016ին, Փիթըր Պալաքեան արժանացաւ «Փուլիցըր» մրցանակին, «Բանաստեռղծութիւն» անուանակարգին մէջ:
Նշենք, թէ «Օզոնի Հանդէսը»ի հայերէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի Հայաստանի մէջ: