ԼՈՆՏՈՆ, «Ինտիփենտընթ».- Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատու գործակալութիւնը Յունիս 13ին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարներուն միջեւ մէկ օր առաջ կայացած գերաստիճանին ընթացքին, Թրամփ խոստացած է վերցնել Փիոնկեանի դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները՝ միաժամանակ ապահովական ընդարձակուած երաշխիքներ տալով։ Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Թրամփ դրուատած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի «խաղաղասէր քայլերը», որոնք առաջնորդած են շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման։
Սպիտակ տունը, սակայն, Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատու գործակալութեան հաղորդած սոյն լուրերուն մասին տրուած հարցումներուն չէ պատասխանած։
Միւս կողմէ, Չինաստան եւ Ռուսիա ողջունեցին մէկ օր առաջ Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը։
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկու պետութիւններուն ղեկավարները այսուհետեւ կրնան հաւասար դիրքերէ մեկնած խօսիլ իրարու հետ, ինչ որ պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բանայ՝ աւելցնելով, որ Չինաստան երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէր այս զարգացումին եւ այդ նպատակով ալ բաւական աշխատանք տարած է:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վեհաժողովին կայացումը ինքնին դրական քայլ նկատեց: Ան դիտել տուաւ, որ փաստաթուղթին մանրամասնութեան ծանօթ չէ տակաւին, սակայն այն պատրաստակամութիւնը, որ առկայ է կողմերուն միջեւ, շա՛տ կարեւոր է քորէական թերակղզիին վրայ հարցերու լուծման համար:
Մինչ այդ, Հարաւային Քորէան, հակառակ իրեն հետ աւանդական ռազմփորձերը կասեցնելու մասին Թրամփի անակնկալ յայտարարութեան հանդէպ իր արտայայտած դժգոհութեան, ան ողջունեց վեհաժողովը եւ ձեռք բերուած փաստաթուղթը: Հարաւային Քորէայի նախագահ Մոն Ճայ Ին, որ կենսական դեր խաղացած էր վեհաժողովին իրականացման մէջ, յոյս յայտնեց, որ փաստաթուղթը դուռ կը բանայ շրջանը հիւլէական զէնքերէն զերծ տարածք մը դարձնելու աշխատանքին առջեւ՝ նոր էջ մը բանալով երկու Քորէաներուն եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութեանց պատմութեան մէջ:
Վերջապէս, Իրան դարձեա՛լ զգուշացուց Հիւսիսային Քորէան Թրամփի կողմէ ներկայացուած եւ հիւլէական զէնքերուն վերաբերող որեւէ համաձայնագիրէ: Իրանի կառավարութեան բանբեր Մոհամմետ Պաքըր ըսաւ. «Գործ ունիք մարդու մը հետ, որ իր իսկ կնքած համաձայնութենէն կը հրաժարի՝ զայն կնքելէ ետք, տուն իսկ հասնելէ առաջ», ակնարկելով քանի մը օր առաջ Եօթներու խմբակի յայտարարութենէն իր ստորագրութիւնը ետ քաշելու Թրամփի քայլին: