ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ Հռիփսիմէ Գրիգորեան նշանակուեցաւ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսշրջութեան կոմիտէի նախագահ՝ փոխարինելով 2016էն ի վեր այդ պաշտօնը վարող Զարմին Զէյթունեցանը:
Գրիգորեան 2016էն ի վեր Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նուիրատուներուն հետ կապերու համակարգողն էր, շուկայացման խթանման վարչութեան խորհրդական: Ան ծնած է 1988ին, Երեւանի մէջ: Ան ամուսնացած է: