ԵՐԵՒԱՆ, «Ակուք».- Յունիս 12ին, Թուրքիոյ Էսքիշեհիր քաղաքին մէջ, Ուքրանիոյ, Սերպիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական բնական կազը Եւրոպա տեղափոխող «Թանափ» կազատարին բացումը:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ տարածքէն ներս կազատարի կառուցման աշխատանքները ամբողջովին չեն աւարտած տակաւին, սակայն նախագահ Էրտողան արագացուցած է բացման արարողութեան իրականացումը՝ զայն դարձնելով իր եւ իր կուսակցութեան նախընտրական քարոզչական արշաւին մէկ մասնիկը։
Հայաստանը շրջանցող եւ մօտաւորապէս 8 միլիառ տոլար արժած «Թանափ»ը պիտի նուազեցնէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի ուժանիւթային կախուածութիւնը Ռուսիայէն:
Կազատարին 58 տոկոսը կը պատկանի Ատրպէյճանի պետական «Սոքար» ընկերութեան, 30 տոկոսը՝ թրքական «Պոթաշ» ընկերութեան, իսկ 12 տոկոսը՝ բրիտանական «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ին։