ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունիս 21ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Նիւ Եորքէն այցելող հեղինակ Քրիստափոր Ադամեան, «Բանաստեղծ Մը Ուաշինկթըն Հայթցի Մէջ» անունով իր հատորը պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Հեղինակի մասին պիտի խօսի Արմէն Աբէլեան, որ գործադիր վարիչն է «Հաւասարութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան։
Մուտքը ազատ է, իսկ գրադարանի հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA։
Քրիստափոր Ադամեան գրականութեան, գործարարութեան եւ ֆիլմարտադրութեան մէջ մասնագիտացած է եւ արժանացած շարք մը մրցանակներու՝ իր արտադրած կարճ ֆիլմերուն եւ գրական գործերուն համար։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։