ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի. Էյ.».- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, Մոսկուայի մէջ կայացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը:
Նախագահները ողջունած են երկկողմանի տնտեսական, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակցութեան բարձր մակարդակը, իսկ Փութին նշած է, որ անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան աճը եղած է 34.4 տոկոս, իսկ այս տարուան առաջին եռամսեակին՝ մօտաւորապէս 19 տոկոս։
«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական բաղկացուցիչին, ապա հոն նոյնպէս ամէն ինչ կայուն է», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը։
Իր կարգին, Ալիեւ ըսած է, թէ կարելիութիւններ կան ընդարձակելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։