ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկըր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքը:
Վարչապետը կարեւոր համարեց համանախագահներուն դերը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ պիտի ձեւաւորուի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:
Համանախագահները շնորհաւորեցին Նիկոլ Փաշինեանը՝ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով՝ վստահեցնելով, որ իրենց բոլոր ջանքերը պիտի ներդրեն ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:
Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր համարեցին կողմերու հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները վարչապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն մասին:
Հանրապետութեան վարչապետը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին բանակցային գործընթացը յառաջ տանելու համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը եւ անդրադարձան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին: