ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքը, որ Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին տեղի պիտի ունենար Արցախի Վերածնունդի հրապարակի վրայ, արգիլուեցաւ: Ոստիկանութիւնը փակեց հրապարակի մուտքերը:
Ստեփանակերտի բնակիչները «Ֆէյսպուք»ի իրենց էջերուն վրայ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակեցին այս մասին:
«Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութեան անդամ Տիգրան Գրիգորեան գրած է, որ նախատեսուած հանրահաւաքէն առաջ իրենց տեղեկացուցած են, որ հաւաքը արտօնուած չէ: