ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Յունիս 5ին կայացած ձեռարկի մը ընթացքին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը Ցոլակ Յովսէփեանի անուան կրթանպաստներ յանձնեց Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարաններ յաճախող երկու աշակերտներու, որոնք անարդարութեան մը ականատես դառնալէ ետք՝ յատկանշական կերպով միջամտած են՝ զայն կասեցնելու համար:
Այս կրթանպաստը հաստատուած էր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան միջեւ սերտ համագործակցութեամբ։ Արդարեւ, այս տարուան 500ական տոլարի կրթանպաստները յանձնուեցան «Հուվըր» երկրորդական վարժարանի աշակերտուհի Ամիրա Չաուտրիին եւ Քրեսենթա Հովիտի երկրորդական վարժարանէն՝ Քոլեթ Սիմոնեանին։
Մինչ առաջինը «Փիրլիֆթ» կազմակերպութեան միջոցաւ կը նպաստէ ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներէ եկած աշակերտներու՝ համալսարան յաճախելու կարելիութիւններ ճարելու ջանքերուն, Սիմոնեան իր վարժարանի Հայ ուսանողական միութեան հետ գործակցելով՝ կը նպաստէ Հայաստանի գիւղական շրջաններու աշակերտներուն համար դպրոցական պիտոյքներ տրամադրելու ջանքերուն։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի սոյն կրթանպաստը հաստատուած էր Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան 100ամեակին առիթով Յովսէփեան ընտանիքին հաստատած հիմնադրամին շնորհիւ։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ արդարամիտ արարքներ քաջալերելու եւ անարդարութեանց կրկնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով հաստատուած սոյն կրթանպաստը, ամէն տարի պիտի տրամադրուի 12րդ դասարանի աշակերտներու, որոնք որոշած են իրենց ուսումը շարունակել:
Դիմումնագիրներու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancaglendale.org/scholarships կայքէջը: