ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոշած են պաշտպանութեան եւ ներքին ապահովութեան մարզերուն ծախսերը 2.74 միլիառ մանաթէն հասցնել 2.91 միլիառ մանաթի (մօտաւորապէս 1.71 միլիառ տոլար):
Ատրպէյճանական «Մինվալ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ այդ գումարին 1.4 միլիառ մանաթը պիտի յատկացուի պաշտպանութեան մարզին, իսկ մնացեալը՝ ներքին ապահովութեան մարզին։
Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ պետական ամավարկին վերաբերեալ քննարկումները տեղի պիտի ունենան Յունիս 28-29ին: